Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը 50,000 տոլարով հաստատեց «Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեան» Բարեգործական Եւ Կրթական Հիմնադրամը

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հաստատեց «Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեան» Բարեգործական Եւ Կրթական Հիմնադրամը, Եորքի համալսարանի  «Glendon School of Public & International Affairs» բաժանմունքի նախկին տնօրէն Օրիորդ Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեանի՝ 50,000 տոլարի  առատաձեռն նուիրատուութեամբ:

Այս հիմնադրամը պիտի աջակցի Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական ծրագիրներուն՝ զօրակցելու Գանատայի մէջ ապրող Սուրիացի եւ Լիբանանցի հայ գաղթականներու նիւթական եւ կրթական կարիքներուն։

Այս առթիւ, Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ «Հայ եկեղեցին իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին եղած է այն միակ հաստատութիւնը, որ վառ պահած է մեր համայնքներու հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքը: Մենք պէտք է գնահատենք  անոր դարաւոր առաքելութիւնը եւ աջակցինք Հայաստանի ու սփիւռքի մեր համայնքներու հզօրացման գործին»:

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ, առաւել թափով պիտի շարունակէ իր ընկերային-բարեսիրական առաքելութիւնը, իւրաքանչիւրին պարգեւելով առողջ կեանքի սկիզբ եւ ուսանելու հնարաւորութիւն:

Այս առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Թորոնթոյի մէջ անձամբ այցելեց Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեանին բնակարանը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ինքնաբուխ նուիրատուութեան համար ու գնահատեց անոր տածած վստահութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր հովանիին տակ գործող ընկերային-բարեսիրական հիմնադրամներուն: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց սոյնպիսի հիմնադրամներու հաստատման կարեւորութիւնը՝ յանուն մեր երիտասարդութեան, Ազգին, Եկեղեցիին, համայնքներուն ու հայրենիքի բարգաւաճման:

Նշենք, որ Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեան 2014-2015 թուականներուն, եղած է ՄԱԿ-ի առաքելութեան (UNSOM) քաղաքական հարցերու եւ միջնորդութեան խումբի յանձնակատար տնօրէնը Սոմալիի մէջ: Ան պատասխանատու էր խաղաղութեան հաստատման ու պետականաշինութեան ծրագիրներուն, ներառեալ՝ ռազմական-քաղաքական կայունացման, քաղաքական բարեփոխումներու, պետութեան ձեւաւորման, հակամարտութեանց կանխարգելման, տեղական հաշտեցման ու սահմանադրութեան կանոնաւորման գործին:

2004-2013 թուականներուն, աշխատելով ՄԱԿ-ի առաքելութեանց ոլորտին մէջ, գլխաւորած է «UNDP»-ի ժողովրդավարական կառավարման աշխատանքները Իրաքի, Լիպիոյ, Սոմալիի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ:

«UNDP»-ի շրջանակներուն մէջ, ան պատասխանատու պաշտօն վարած է Իրաքի (2004-2007), Սոմալիի (2008-2009) և Լիպիոյ (2011-2012) անցումային կառավարման, սահմանադրութեան մշակման, ընտրութիւններու կայացման, տարրական, քաղաքացիական ու հասարակական զարգացման եւ  պետական կառավարման բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:

2010 թուականին, երկրաշարժէն ետք, ան գործուղուած է Հայիթի, ղեկավարելու համար «UNDP»-ի ու Համաշխարհային Պանքի յետաղէտեան կարիքներու գնահատումը:

Ան 20-ամեայ աւանդ ունի կառավարման, քաղաքականութեան ու ծրագրաւորման ոլորտին մէջ: Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան մէջ եղած է Կեդրոնական Գործակալութեան՝ անվտանգութեան, հետախուզութեան եւ վերանայ-ման յանձնաժողովներու անդամ: Իսկ ՄԱԿ-ի եւ Կեդրոնական Պանքի համար աշխատած է Յորդանանի, Եգիպտոսի, Թունիսի, Պաղեստինի,  Զիմպապուէյի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Նիճերիայի մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը բարձրօրէն կը գնահատեն Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեանի մտաղյացումը նման հիմնադրամի մը հաստատման եւ յատկապէս իր հոգատար վերաբերմունքը կարիքաւոր ընտանիքներու եւ ուսանողներու նկատմամբ։

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.