Գանատայի Հայոց Թեմը գումարեց 61/18-րդ Ազգային երեսփոխանական ժողովը
Գանատայի Հայոց Թեմի 61/18-րդ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը բացուեցաւ Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի յետմիջօրէին, ժամը 1-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու, Ազգային Երերեսփոխանական կազմի մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ Գործակից Միութիւններու եւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց կազմերէն հրաւիրեալներու:
Բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի խօսքը: Վեհափառը իր Հայրապետական խօսքին մէջ գնահատանք կ’արձանագրէր Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան տարած աշխատանքներուն, կը շեշտէր հաւաքական աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէր այս ժողովի աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր խօսքը: Ողջունելէ ետք բոլոր ժողովականները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Թեմի աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այն առաջադրանքները, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի։
Երկօրեայ նստաշրջանը՝ Ուրբաթ 3 եւ Շաբաթ 4 Մայիս 2019-ին, իր չորս օրակարգերու ընթացքին քննեց Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնն ու տեսլականը յառաջիկայ տարիներուն: Մեկնելով տեղեկագիրներէն ու զեկուցումներէն, եւ յետ ըստ էութեան քննարկման եւ եզրակացութեան՝ Ժողովը «յոյժ գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց տարուած բազմաճիւղ իրագործումներուն մասին։
Վերջին օրակարգին, ժողովը անցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան 2019-2020 տարեշրջանի նոր կազմերու ընտրութեան օրակարգին։
Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները.- Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան՝ ատենապետ, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան՝ քարտուղար եւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան:
Իսկ Ազգային Վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալները.-
Պրն.Համբիկ Գարայեան՝ ատենապետ, Պրն. Լեւոն Պէնկեան՝ ատենադպիր, Տիկին Աննա Պուլկարեան՝ գանձապահ, Օրդ. Թալին Ապրագեան՝ խորհրդական, Տիկին Արփի Աշքարեան՝ խորհրդական, Պրն. Յակոբ Ճանպազեան՝ խորհրդական, Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեան՝ խորհրդական, Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան՝ խորհրդական եւ Պրն. Վարդավառ Փանոսեան՝ խորհրդական:
Նստաշրջանի փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան գնահատանք արձանագրեց շրջանաւարտ կազմերուն՝ անոնց տարած անձնդիր աշխատանքներուն համար, ու շնորհաւորելով նորընտիր կազմերը՝ բարի երթ մաղթեց Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան։
Նստաշրջանը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։