Գանատայի Լաւալ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը
2757
0
Գանատայի Քեպէգ նահանգի Լաւալ քաղաքի Նոյեմբեր 4-ին կայացած քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց յատուկ բանաձեւ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։ Բանաձեւի գլխադիր կէտով խորհուրդը կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուի Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճնական ռազմական յարձակումը եւ կոչ կ՚ուղղուի Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Քեպէգ նահանգի կառավարութեան, որպէսզի սատարեն Արցախի հակամարտութեան գծով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու գործադրման։