Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փոլիվիէր կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնն ու Արցախի շրջափակումը

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ սեպտեմբեր 19-ին, Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան եւ երկրի պաշտօնական ընդդիմութեան առաջնորդ Փիեռ Փոլիեվրը Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակեց, ուր յստակօրէն կ՚ըսուի, որ Գանատայի Պահպանողականները խորապէս անհանգստացած են Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի կապակցութեամբ, յիշեցնելով նաեւ, որ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան եւ անոնց ինքնորոշման իրաւունքին։

«Ակնյայտ է, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի,եւ մենք կոչ կ՚ուղղենք վերջ տալ այս ռազմական սրման։ Մենք կը շարունակենք նաեւ կոչել հրադադարի հաւատարիմ մնալու առաջադրանքը, ինչպես նաեւ պաշտպանել այդ տարածաշրջանի խաղաղ բնակիչներուն, որոնք անգամ մը եւս յարձակման ենթարկուած են»։

Կուսակցութիւնը վերստին կոչ կ՚ուղղէ Պաքուին դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնը հասնի Լեռնային Ղարաբաղ, շեշտելով, որ այս օգնութիւննը այժմ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։ Ժողովուրդին Սովամահութեան ենթարկելը կ՚օգտագործուի որպէս միջոց՝ տարածաշրջանի ցեղային մաքրման համար։ Հայոց ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք աշխարհը չի կրնար լուռ կանգնիլ.

Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ այժմ յստակ է, որ Ռուսաստանի խաղաղապահութեան երաշխիքները ոչ այլ բան էին, քան դատարկ խոստումներ։

Գանատայի Պահպանողականները կը շարունակեն ներգրաւուած պիտի մնան այս հարցով եւ ցոյց տան, որ երկխոսութիւնը, այլ ոչ թէ ռազմական գործողութիւնները, ճանապարհն կը հարթեն դէպի տեւական խաղաղութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար։

Comments are closed.