Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր այցելեց Մոնթրէալի եւ Լաւալի Հայ կեդրոնները
Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր այցելեց Մոնթրէալի եւ Լաւալի Հայ կեդրոնները, մօտէն ծանօթանալու տասնամեակներէ ի վեր հիմնուած հայ կեդրոններուն եւ անոնց հովանիին ներքեւ գործող միութեանց համայնքային եւ համագանատական գործունէութեանց: Նոյն ծիրէն ներս, Փետրուար 22-ին դեսպանը այցելած էր նաեւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Նշենք, որ Հոկտեմբեր 25-ին Երեւանի մէջ կայացաւ դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին Գանատայի Դրօշը բարձրացուցին ՀՀ-ի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրն ու Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլին:
Դեսպանը նախ առանձնաբար հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ, ապա անոր ընկերացան ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեանն ու յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ անդամներ՝ Հրակ Տարագճեան, Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Նորա Արուշեան, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեանն ու անդամներ՝ Կէրի Զաքարեան, Յարութ Դաւիթեան եւ Արտօ Աճէմեան, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր պետրոսեանն ու անդամ Նուշիկ Էլոյեան, ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Մոսիկ Արզումանեան, ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մանուէլ Քէօսէեան, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեանն ու «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան:
Դեսպանը այցելեց Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, ուր ծանօթացաւ 45-ամեայ շաբաթաթերթին աշխատանքներուն, ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» երիտասարդականի հաւաքավայր, Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» գրադարան, ՀՄԸՄ Կամքի «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահ եւ տեղեկացաւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ տարուող բազմերանգ գործունէութեանց:
Անկէ ետք այցելեց Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան, ուր դեսպանին ընկերացան վարժարանի տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանն ու Հոգաբարձութեան անդամ Անի Պապիկեան: Դեսպանը իրազեկ դարձաւ վարժարանէն ներս դասաւանդութեան ոճին, տարուած արտադասարանային աշխատանքներուն եւ աշակերտներուն ստեղծագործական գործունէութեան:
Ապա ան ուղղուեցաւ Լաւալի Հայ կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեանն ու անդամ Սարգիս Եագուպեան եւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան անդամ Քեռի Կիրակոսեան եւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխ ատենապետ Հերակ Հերկէլեան: Դեսպանը հոն եւս այցելեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցի եւ ծանօթացաւ կեդրոնի հովանիին տակ գործող միութեանց տարած աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Էնտրու Թըրնըր Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ 2023 թուականի Հոկտեմբերին. ան միջազգային քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած է 2002-ին: Պետական գրասենեակներուն մէջ ան պաշտօնավարած է խորհրդարանական յարաբերութիւններու բաժանմունքին, Արեւելեան եւ Հարաւային Ափրիկէի հետ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ իսլամական համայնքներու աշխատանքային խումբի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն մէջ: Արտերկրի մէջ ան ծառայած է Սէուտական Արաբիոյ (2004-2007), Սուրիոյ (2011-2012), Աֆղանիստանի (2013-2015), Փաքիստանի (2015-2017) եւ Իրաքի (2017-2019) մէջ:
Comments are closed.