Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրիու Թըրնըր Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Կապան քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աշխատակիցներուն հետ։ Այս մասին գրուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ։
Առաքելութեան անդամները Գանատայի դեսպանութեան հիւրերուն հակիրճ կերպով ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ գետնի վրայ իրականացուող աշխատանքը։
Թըրնըր նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի հետ։ Սիւնիքի մարզպետարանէն հաղորդեցին, որ մարզպետը շնորհակալութիւն յայտնեց բարձրաստիճան դիւանագէտին Սիւնիք այցելելուն համար ու շնորհաւորեց Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանութեան բացումը եւ Թըրնըրի` առաջին դեսպան նշանակուիլը։
Ղուկասեան յայտնեց, որ դեսպանութեան բացումով, երկու բարեկամ երկիրներուն կապերը առաւել պիտի ամրապնդուին եւ համագործակցութեան նոր հեռանկարներ պիտի բացուին:
«Դեսպանի առաջին այցը Սիւնիք ճանաչողական է, ու նա մարզին առնչուող մի շարք հարցեր ուղղեց Ռոբերտ Ղուկասեանին: Մարզպետը հիւրին ներկայացրեց Սիւնիքի տնտեսութեան կառուցուածքը, ընդհանուր անվտանգային իրավիճակը, զարգացման հնարաւորութիւնները եւ այլն», կ՛ըսուի մարզպետարանին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին, Թըրնըր դիտել տուաւ, որ կարեւոր է մայրաքաղաքէն դուրս եւս Հայաստանի մարզերուն ծանօթանալը եւ համագործակցութիւնը, իսկ Սիւնիքը իւրայատուկ է իր աշխարհաքաղաքական դիրքով եւ դերով:
Թըրնըր նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխատանք տանելու գանատացի ներդրողներու եւ մարզի տնտեսութիւն վարողներուն միջեւ գործընկերային կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ:
Քննարկուեցան հնարաւոր հետագայ համագործակցութեան այլ ոլորտներ եւս, որոնց ուղղութեամբ երկուստեք աշխատանք պիտի տարուի:
Թըրնըր Ղուկասեանի ընկերակցութեամբ այցելեց նաեւ Կապանի օդակայանը, ծանօթացաւ անոր գործունէութեան, ապա այցելեց Կապանի երկրագիտական թանգարանը։
Comments are closed.