Գանատայի Դաշնակցային արտահերթ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Աննա Սիմոնեանը
Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2021-ին, «ՀՈՐԻԶՈՆ»ը Հարցազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի Դաշնակցային Խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններուն Ահունցիք-Գարթիէվիլ ընտրատարածքի Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան հայազգի թեկնածու՝ Աննա Սիմոնեանին հետ:
Հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց կարգին, հայազգի թեկնածուին ծրագիրները հայութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի և Արցախի անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան առնչուած: Տիկին Սիմոնեան բովանդակալից կերպով պատասխանեց հարցումներուն: Այն հարցին թէ, ինչու քաղաքականութիւնը ըտրած է որպէս մասնագիտութիւն, Տիկին Սիմոնեան պատասխանեց, որ ապրելով 1988-1990-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ, միշտ ալ հետաքրքրուած եղած է հասարակական գործունէութեամբ ու քաղաքականութեամբ, եւ այդ իմաստով ալ ընտրած է իր մասնագիտութիւնը ու կատարելագործած զայն՝ միշտ պայքարելով յանուն արդարութեան, մարդկային իրաւանց ու խօսքի ազատութեան: Իսկ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, օտար շրջանակներուն մէջ ոգի ի բռին պայքարած է Գանատայի կառավարութեան դէպի Թուրքիա ռազմական սարքաւորումներ արտահանելու թոյլտուութեան կասեցման, Արցախի ճանաչման ու ինքնորոշման եւ պատերազմի դադարեցման ի խնդիր: Իսկ Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան հարթակը ընտրելու կապակցութեամբ, Տիկին Սիմոնեան շեշտեց, որ այս կուսակցութիւնը այն հազուագիւտ կուսակցութիւններէն է, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքն ու մարդկային իրաւունքները դարձուցած է կանոնագրային կէտ, ինչ որ կը համապատասխանէ իր քաղաքական աշխարհահայացքին ու արժեհամակարգին:
Պատասխանելով ընտրուելու պարագային Գանատա-Հայաստան եւ կամ Գանատա-Արցախ բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակցութեան մաս կազմելու հարցին, Տիկին Սիմոնեան յոյս յայտնեց, որ հայութեան ձայնը լիովին լսելի պիտի փորձէ դարձնել Գանատայի Դաշնակցային Խորհրդարանին մէջ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայ ժողովուրդին խնդիրները բարձրաձայնելով ու լուծումներ առաջարկելով, այնպէս ինչպէս կատարած է ամէնուրեք եւ բոլոր մակարդակներով:
Անդրադառնալով Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակին, Տիկին Սիմոնեան յայտնեց, որ երկուստեք կ’ապրին ահռելի ճգնաժամային ու անելանելի օրեր եւ ներկայ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ լուծելու իր դիմաց ծառացած խնդիրներն ու հարցերը:
Աւարտին, Տիկին Սիմոնեան կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ գանատահայութեան ըլլալու միասնական եւ ծառայելու Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդի դատին, որովհետեւ միասնականութեամբ կարելի է հասնիլ գերագոյն եւ ազգօգուտ նպատակներու:
Ի վերջոյ ան յորդորեց գանատահայութեան, տէր կանգնելու իր քաղաքացիական իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն եւ քուէարկելու առանց սահմանափակման:
Նշենք, որ Աննա Սիմոնեան ծնած է Երեւան՝ 1977 թուականին: Աւարտած է Երեւանի Լեզուագիտական համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժինը, ապա Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան՝ ստանալով Մագիստրոսի կոչում (MBA): 2000 թուականին Հայաստանի մէջ աշխատած է իբրեւ լրագրող՝ խօսքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան նուիրուած ծրագրերու մէջ: Ներգրաւուած եղած է Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ՝ ի պաշտօնէ եւ որպէս անհատ: 2006 թուականին ստացծ է Մեծն Բրիտանիոյ «Չիւնինկ» կրթաթոշակը, եւ քաղաքագիտութիւն ուսանած Պըրմինկհամի համալսարանին մէջ: 2010-2012 թուականներուն զբաղեցուցած է Երեւանի «Գաֆէսճեան» թանգարանի հանրային կապերու տնօրէնի պաշտօնը։ 2012 թուականէն ի վեր կ’ապրի Գանատա։ Մոնթրէալի համալսարանի շրջանաւարտ է, կ’աշխատի հեռահաղորդակցման ոլորտին մէջ։ Կը տիրապետէ հայերէնի, ռուսերէնի, ֆրանսերէնի ու անգլերէնի: