Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցը արծարծեց Գանատայի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Տէյվիտ Լ. Գոհէնի հետ
16 Մարտին, Վանգուվըրի մէջ կայացած SUCCESS բարեսիրական հիմնարկի տարեկան ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Վանեսա Պարտագճեան Յակոբեան, Մեղրիկ Սիւլահեան եւ Սեւան Յակոբեան, որոնք այդ ընթացքին առիթը ունեցան առանձնազրոյց ունենալու բարեսիրական միջոցառման ներկայ Օթթաուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Լ. Գոհէնի հետ: Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արծարծեցին Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները եւ յատկապէս 150 հազար արցախահայերու բռնի տեղահանումը իրենց պապենական հայրենիքէն՝ Արցախի Հանրապետութենէն:
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամները անդրադարձան նաեւ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուող մշակութային շարունակական ցեղասպանութեան, արտայայտելով իրենց հիասթափութիւնը ԱՄՆ-ի կողմէ այդ գործողութիւնները կասեցնող որեւէ արարքի բացակայութեան հարցով, միաժամանակ կոչ ուղղելով ԱՄՆ պետական պաշտօնատարին գործնականօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտ վարքագիծը:
Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը նոյն հարցերը արծարծեց նաեւ ընդունելութեան մասնակից Վանգուվըրի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Ճիմ Տէհաթին։
Comments are closed.