Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուեցաւ սահմանամերձ Վահան գիւղի մանուկներու խաղահրապարակին
Կիրակի 16 Սեպտեմբերին, Գանատայի հայ համայնքէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, այցելեցին սահմանամերձ Վահան գիւղ՝ բացումը կատարելու գանատահայ բարերար Մանուկ Չուխաճեանի հովանաւորութեամբ կառուցուած խաղահրապարակին։
Պատուիրակութիւնը նախ այցելեց Վահան գիւղի զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին կառուցուած յուշահամալիր, ուր ամփոփուած են 1992-1994 թուականներուն ինքնապաշտպանական մարտերուն զոհուած հերոս 15 վահանցի եւ 1 արծուաշէնցի տղաներու աճիւնները։
Նշենք, որ Վահան գիւղը սահմանէն հեռու է ընդամէնը 3 քմ եւ ունի ունի 27 քմ երկարութեամբ սահման Ատրպէյճանի հետ, նախապէս կոչուած է Ռուբէն կամ Ռուբէնակերտ, ունի 1060 բնակիչ, 130 աշակերտ եւ 43 մանկապարտէզի սան։ Գիւղը 1991 թուականին վերանուանուած է Վահան, իբրեւ երկրի հիւսիսարեւելեան դարպաս։
Զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն ծաղիկներ զետեղելէն ետք՝ մասնակիցները ուղղուեցան Պանթէոնի վարի հատուածին կառուցուած խաղահրապարակը։
Բացման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գեղարգունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Ճամբարակ համայնքի ղեկավար Վազգէն Ադամեան կտրեցին խաղահրապարակի կարմիր ժապաւէնը։
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք՝ խօսք առաւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, որ ողջունելով մարզի, համայնքի ու գիւղի բնակիչները, ըսաւ,-«Այսօր, այս գիւղին մէջ, ես կը տեսնեմ արդէն տօնական մթնոլորտ, ուրախութեան ուրուագիծեր՝ յատկապէս մանուկներու դէմքերուն վրայ։ Այդ ուրախութիւնը իրենց դէմքերէն երբեք թող չհեռանայ, թող Աստուած օրհնէ մեր մանուկները։ Այս գիւղին երեխաները, որոնք թիւով 130 են, վաղը այս հրապարակին վրայ պիտի մեծնան հայութեան շունչով ու ոգիով, պիտի թրծուին ու պիտի դառնան մեր բանակի հայ զինուորը՝ թշնամիին ըսելու «մենք կա՛նք, կ՝ապրի՛նք ու դեռ կը շատանանք»։
Այս առիթով Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղարգունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեանին, որ հնարաւորութիւն տուաւ խաղահրապարակը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ բարերար Մանուկ Չուխաճեանին, մարդ, որ իր աչքերով չէ տեսած այս գիւղը բայց ապրած է եւ կ’ապրի հայութեամբ եւ Հայաստանի համար, հայ ժողովուրդի համար։
Գեղարքունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեան՝ իր հերթին՝ յատնեց,- «Երբ 2,5 ամիս առաջ ես աշխատանքային այցով կը գտնուէի Վահան գիւղ եւ տեսայ այս կրակոտ, փայլուն երեխաները՝ մտածեցի, որ համայնքը պէտք է ունենայ խաղահրապարակ, եղածը մեծ բան չէ, սակայն փայլուն օրինակ է՝ թէ ինչպէս մարզպետարանը, համայնքը եւ սփիւռքի մեր բարեկամները շատ արագ ձեռնարկեցին գործ մը եւ մեր մանուկներուն ժպիտ, նոր կեանք ու նոր հնարաւորութիւն պարգեւեցին»։
Գեղարքունիքի մարզպետը գնահատեց աշխատանքը գիւղացիներուն, որոնք մերժած են վարձատրուիլ իրենց կատարած աշխատանքին համար, իսկ աւելցած գումարով խաղահրապարակ պիտի կառուցուի Ճամբարակ գիւղին մէջ։
«Խաղահրապարակին վայրը պատահական չէ ընտրուած, քիչ առաջ մենք ծաղիկներ դրինք մեր հերոսներու շիրիմին, մենք պարտք ունինք կատարելու, մենք պարտաւոր ենք այս եւ սահմանամերձ միւս գիւղերուն մէջ մեր մանուկներու պայմանները բարելաւելու։ Այս հրապարակին վրայ պիտի խաղան նաեւ մեր հերոսներու թոռնիկներն ու բարեկամները, հարազատները, մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ իր հներաւորութեան սահմաններէն ներս՝ ամէն ինչ պէտք է ընէ այս ժպտերես, լուսաւոր երեխաներու մանկութիւնը ուրախ դարձնելու համար»,- աւելցուց Ի. Սաղաթէլեան։
Ճամբարակ համայնքի ղեկավար Վազգէն Ադամեան՝ իր հերթին՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղարքունիքի մարզպետին՝ իր խօսքին տէրը ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ բարերար Մանուկ Չուխաճեանին՝ ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու համար։
Ապա խօսք առաւ զոհուած ազատամարտիկի մայր Տիկին Յասմիկ Սարիբեկեան՝ ըսելով,- «Ես կ’ապրիմ այս խաղահրապարակին հարեւանութեամբ, ամէն առաւօտ բարի լոյս կ’ըսեմ մեր զոհուած հերոսներուն, զրոյցի կը բռնուիմ անոնց հետ եւ կը մնամ անպատասխան։ Այս գիւղը հերոս գիւղ է, եկէք անոնց աշխատանքը շարունակենք»։
Աւարտին՝ Գեղարքունիքի Մարզպետին եւ Ճամբարակի համայնքապետին կողմէ շնորհակալագրեր տրուեցան Գանատայի հայոց թեմի հոգեւոր առաջնոր Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ բարերար Մանուկ Չուխաճեանին։
Հանդիսութեան աւարտէն ետք՝ պատուիրակութիւնը գիւղի երեխաներուն հետ մտաւ խաղահրապարակ՝ կիսելու երեխաներուն ուրախութիւնը, ապա հիացաւ՝ տեսնելով գիւղի նկարչութեան դպրոցի սաներուն նկարած նկարները։
Հիւրերը Վահան գիւղէն հեռացան՝ ապրելով մեծ գոհունակութիւն եւ համոզուելով, որ իրենք հնարաւորութիւն ունին փոքր զոհողութիւններով մեծ երջանկութիւն պարգեւելու գիւղացիներուն։
Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը այցելեց գիւղի զօրակայան՝ շփուելու Հայրենիքի սահմանը պաշտպանող մեր զինուորներուն հետ։ Հանդիպումը յուզիչ էր. Սփիւռքի մէջ մեծցած հայրեր ու մայրեր սեղանակից եղան հայ զինուորներուն, իրարու հետ հաց կիսեցին։ Զինուորները կարծես անորոշութեան մատնուած էին՝ տեսնելով հայ մայրերու արցունքոտ աչքերը։ Մտերմիկ ճաշկերոյթէն ու սրբազան հօր օրհնութենէն ետք՝ պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան առաւել ոգեւորուած եւ գօտեպնդուած։
Նայիրի Մկրտիչեան