Գանատահայ անուանի քանդակագործ Արտօ Չաքմաքճեան կնքած է իր մահկանացուն
Գանատահայ անուանի քանդակագործ, Գանատայի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ, Քեպէգի համալսարանի փրոֆեսոր Արտօ Չաքմաքճեան, 86 տարեկանին կնքած է իր մահկանացուն:
Ծնած է Գահիրէ: 15 տարեկանին ընտանիքը հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: Մասնագիտական ուսումը ստացած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական Համալսարանին մէջ: Ան ճանաչցուած քանդակագործ էր, երբ ստիպուած եղաւ հեռանալու Հայաստանէն. անոր ստեղծագործելու ոճը խորթ էր Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն, չնայած 1964 թուականին Մոսկուայի Խաղաղութեան Կոմիտէի մրցանակաբաշխութեան ընթացքին արժանացած էր առաջին մրցանակի՝ իր «Հիրոշիմա» քանդակին շնորհիւ, մինչ միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ տեղադրուած անոր «Կոմիտաս» քանդակը ջարդած էին: 1975-ին մեծ քանդակագործը բնակութիւն հաստատեց Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ:
Յետագային իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան ըսած է. «Ես հեռացայ Հայաստանէն, որ շարունակեմ սիրել Հայաստանը: Ես չէի կրնար ապրիլ տարածքի մը մէջ, ուր արուեստի հետ այդպէս կը վարուին՝ կը ջարդեն գործը»:
Գանատայի կառավարութիւնը բազմիցս առաջարկած է քանդակագործին անոր երեք յարկանի տունը գնել եւ դարձնել թանգարան, սակայն քանդակագործը մերժած է, ըսելով որ այնտեղ պահուող իր բոլոր գործերը Հայաստանի համար են:
Այսօր Չաքմաքճեանի քանդակները կը զարդարեն աշխարհի շատ մը քաղաքներու փողոցներն ու անուանի պատկերասրահները, իսկ Հայաստանի մէջ անոր քանդակներէն ոչ մէկը տեղադրուեցան, նոյնիսկ անկախութենէն ետք: