Գամիշլի. Ճեզիրէի հայութեան ներկայ վիճակ եւ մարտահրաւէրներ
Սուրիոյ մէջ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր տեւող պատերազմը, գերպետութիւններու քաղաքականութիւնը եւ երկրի մասնատման ծրագրաւորումը ի գործ դրուեցաւ ապակայունացնելով տարածաշրջանը։ Բնականաբար սուրիահայերն ալ իրենց կարգին անմասն չմնացին պատերազմին հետեւանքներէն ապրելով ճգնաժամային տարիներ:
Ճեզիրէի շրջանի պատկերը այլ էր, գերտէրութիւններ՝ Ամերիկա, Ռուսիա մրցակցութեան մէջ էին՝ ունենալու համար իրենց ռազմավարական դաշնակիցները շրջանին մէջ։ Ամերիկան իր հովանիին տակ առած էր հիւսիսային շրջանի քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան քաղաքական եւ զինուորական մասսան, իսկ Ռուսիա բնականաբար Սուրիոյ տարածքին ներկայ էր պետութեան հաւանութեամբ։
Պատերազմի առաջին տարիներուն, պետութիւնը տարբեր ճակատներու վրայ էր եւ չէր կրնար հասնիլ հիւսիսարեւելեան շրջանի մէջ իր վերահսկողութեան վերահաստատման։ Քրտական գործօնը իր կազմաւորման ընթացքին մէջ էր հիմնուելով տարբեր ստորաբաժանումներու եւ զինեալ ինքնապաշտպանական ջոկատներու վրայ։ Սկզբնական շրջանին անոնց զինամթերքի մատակարարումը կը կատարէր պետութիւնը, ՏԱՀԷՇ-էն պաշտպանուելու համար։ Հետագային քիւրտերը անկախանալու նկրտումներ ի գործ դրին ու սկսան պետական համակարգի ստեղծման։ Անոնք այժմ կը վայելեն բացարձակ հովանաւորութիւնը ԱՄՆ-ին որպէս արտաքին ապօրինաբար միջամտող կողմ, որուն դիմաց քիւրտերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած քարիւղի հորերու ծորակները շռայլութեամբ կը բանան ԱՄՆ-ի նաւթատար մեքենաներուն դիմաց, որոնք Սուրիոյ հանքերը թալանելով երկրէն դուրս կը հանեն:
Ճեզիրէի հայութիւնը առաջին իսկ օրէն Հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարէ շրջանի բոլոր ուժերուն հետ, մշտապէս յարգելով Սուրիոյ պետութեան օրէնքները։
Բնականաբար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անհաւասար պատերազմը ունեցաւ իր ժխտական անդրադարձը Ճեզիրէի հայ համայնքի կենցաղային եւ տնտեսական կեանքին վրայ:
Շրջանի լարուած վիճակը կը սպառնար նաեւ հայութեան։ Ապահովական նկատառումներով ոմանք գաղթեցին, սակայն
հայութեան վաթսունհինգ առ հարիւրը մնաց ու գոյատեւեց հակառակ բազում դժուարութիւններուն։ Այստեղ ակներեւ էր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական բարեսիրական միութիւններուն ներդրումը:
Գամիշլիի հայ տղաքը կը շարունակեն մինչեւ օրս հսկել հայկական թաղամասերուն՝ երաշխաւորելու հայութեան ապահովութիւնը։
Տնտեսական Վիճակ
Ճեզիրէի Հայութեան տնտեսական կեանքը կայուն է համեմատաբար Սուրիոյ այլ քաղաքներու։ Գամիշլիի գործարանները կը շարունակեն բանիլ լայն մասշտապով։ Հայ Համայնքի վարպետներուն նկատառելի մէկ մասը կը շարունակէ գործել։ Հայութեան տնտեսական վիճակը բարւոք կը համարուի համեմատաբար Սուրիոյ այլ շրջաններու հայ բնակչութեան, թէեւ կան չքաւոր ընտանիքներ, որոնց մէջ մեծ է տարեցներու կամ անգործներու համեմատութիւնը։ Անոնք սակայն կը գոյատեւեն իրենց գաղթած զաւակներուն առաքած գումարներուն վստահելով։
Հայ վարպետները չեն մտածած այս տարիներուն լքել քաղաքը, որովհետեւ իրենց աշխատանքը կայուն է։ Գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներ ալ կան, որոնք հողամշակութեամբ կը զբաղին, իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ, սակայն հոն ալ նօսրացում կայ, որովհետեւ կլիմայական փոփոխութիւններն ու վառելանիւթի ապահովման դժուարութիւնը վտանգի կրնան ենթարկել բերքի ապահովման համար տարուած աշխատանքը։ Գաղութի ազգային իշխանութիւնը ամէն ջանք կը թափէ որ համայնքը գոյատեւէ, այս նպատակով ալ ազգային ծրագիրներ առաջ կը տարուին, ինչպէս եկեղեցաշինութիւնը, ազգային հաստատութիւններու գործունէութեան աշխուժացումը եւ այլն։
Միութենական Կեանք
Գամիշլիի մէջ գործող միութիւնները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, թէեւ այստեղ ալ նկատելի է մարդուժի բաց մը, նկատի ունենալով ուսման կամ այլ պատճառներով երկրէն հեռացողները։
Ընդգծելի են յատկապէս ՍԵՄ-ի, Պատանեկան Միութեան, ՀՄԸՄ-ի, ՍՕԽ-ի եւ Համազգայինի «Ա.Ահարոնեան» մասնաճիւղի աշխատանքները, ուր մեր երիտասարդութիւնը բաւական աշխուժ ներկայութիւն է, տիրող դժուարութիւններով հանդերձ։ Համազգայինը վերջին շրջանին օժտուեցաւ նոր կեդրոնով, երաժշտանոցով, գրադարան-լսարանով, պարարուեստի եւ գծագրութեան բաժիններով, ձեռնարկեց նաեւ հայերէն լեզուի տարրական գիտելիքներու ուսուցման՝ գործակցելով Հայագիտական Հիմնարկի առցանց լսարանին հետ։
Յառաջիկայ շրջանին համար անհրաժեշտ է մասնագիտական ոլորտի յատուկ մարդուժի պատրաստութիւնը՝ պարախումբի, երգչախումբի, ուսուցչական ասպարէզի մէջ մարդկային պաշար ունենալու համար։ Առաջնայինը սակայն մայրենի լեզուի պահպանումն է, որուն համար հարկ է հարստացնել հայ աշակերտին լեզուն՝ դասաւանդման նորարար ձեւերու օգտագործումով եւ յաւելեալ դասընթացքներու կազմակերպումով։
Կրթական Կեանք
Պայքարը դարձաւ մեր առօրեայ կեանքի անբաժան մասնիկը Սփիւռքի տարածքին։ Իւրաքանչիւր գաղութ զինք շրջապատող մարտահրաւէրներու կողքին կը դիմագրաւէ ձուլումի վտանգը՝ հայօրէն ապրելու, հայ աւանդութիւնները պահելու եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու։
Գամիշլիի ազգային երեք վարժարանները՝ Եփրատ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, միացեալ միջնակարգ եւ երկրորդական կը շարունակեն գործել ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել՝ հարիւրաւոր հայ աշակերտներ ընդունելով։
Պատերազմի տարիներուն եւ ներկայ տնտեսական դժուարութիւններուն մէջ Ճեզիրէի դպրոցները շարունակեցին բաց պահել իրենց դռները, եւ որքան նօսրացան մեր շարքերը այնքան ամրացաւ մեր կամքը։ Ասոնք հռետորական խօսքեր չեն, այլ՝ իրականութիւն մը, որ ապրեցանք եւ կը շարունակենք ապրիլ այն համոզումով, որ հայ մնալու համար պայքարելէ բացի այլ ելք չունինք։ Այդուհանդերձ պէտք է միասնաբար մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ամուր մնալ, նորահաս սերունդին սիրցնել մայրենին, վերատեսութեան ենթարկել դասագիրքերը, արդիականացնել դասաւանդութեան ոճը, գիրքերու մէջ ներկայացուած նիւթերը տեսերիզով մեկնաբանել, հայ երգն ու պարը արտադասարանային անբաժան օրակարգ դարձնել հայկական դպրոցներէն ներս, գնահատել հայերէնաւանդ ուսուցիչները, քաջալերել նոր միտքերն ու ծրագիրները։
Այս բոլորը կը կարօտին համախմբուած ու լարուած աշխատանքի, որուն ենթահողը ունինք։
Ընկերային Կեանք
Նախքան պատերազմը՝ 2011-ին, գամիշլիահայութեան թուապատկերը կը հաշուէր, շուրջ 835-840 ընտանիք։ Պատերազմի առաջին տարիներուն, հակառակ անոր, որ Գամիշլիի շրջանը համեմատաբար Սուրիոյ այլ քաղաքներու աւելի ապահով էր, ժողովուրդը ինքզինք անապահով զգալով դիմեց արտագաղթի եւ նկատառելի թիւով հայ ընտանիքներ կամ զինուորական ծառայութեան տարիքը հասնող երիտասարդներ հեռացան Գամիշլիէն, ուղղութիւն առնելով յատկապէս դէպի Եւրոպա եւ Հայաստան:
Ներկայիս Գամիշլիի հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնի շուրջ 550 ընտանիքի։
Գամիշլիի հայ գաղութը Ճեզիրէի այլ շրջաններէն կը զատորոշուի իր Առաջնորդական փոխանորդարանով, որ վարչականօրէն կապուած է Բերիոյ Հայոց Թեմին ու կը գործէ վարչական, կրօնական, ազգային եւ յարաբերական այլ ոլորտներու մէջ, ընդգրկելով իր մէջ Տէրիքի, Ռաս ուլ-Այնի, Հասիչէի շրջանները: Առաջնորդական փոխանորդն է հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Առաջնորդական փոխանորդարանի կողքին կը գործէ Ս.Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եկեղեցին։ Գամիշլիի Հայ համայնքը կը յատկանշուի իր եկեղեցասիրութեամբ ու բարեպաշտութեամբ, նամանաւանդ եկեղեցւոյ հանդէպ մեծ սէրն ու կապուածութիւնը կը նշմարենք հին սերունդի մամիկներուն ու պապիկներուն մօտ, որոնք մեծ երկիւղածութեամբ եկեղեցի կը յաճախեն ոտաբոպիկ եւ գլուխնին քողով մը ծածկուած: Երկար տարիներ շարունակ հաւատացեալներուն փափաքն էր ունենալ մեծ ու գեղեցիկ, ներկայանալի եկեղեցի մը, որպէսզի տօնական օրերուն բոլորը միասին մասնակցին Ս. Պատարագին, առանց որեւէ մէկը դուրսը՝ եկեղեցւոյ գաւիթը մնալով ձեւով մը ինքզինք զրկուած զգալու Ս. Պատարագի ներկայութենէն: Այդ իսկ պատճառով հաւատացեալները խնդրեցին օրուան Ազգային իշխանութենէն, որ իրենց համար նոր եկեղեցի մը կառուցէ:
Եկեղեցաշինութիւնը սկիզբ առաւ 2007-ին, սակայն զանազան պատճառներով կիսաւարտ մնաց. մինչեւ որ շուրջ տարի մը առաջ նախաձեռնութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդարանին եւ Ազգային իշխանութեան կարգ մը պատասխանատու դէմքերու, որոշում առնուեցաւ յանձնախումբեր կազմել ու գործի լծուիլ եկեղեցին իր աւարտին հասցնելու համար:
Եկեղեցւոյ կողքին կը գործէ Գամիշլիի Ս.Յակոբ կիրակնօրեայ վարժարանը: Վարժարանը ունի շուրջ 150 աշակերտ – աշակերտուհի, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ:
Գամիշլիի մէջ քրիստոնեայ համայնքները տարիներ շարունակ իրարու հետ ապրած են որպէս մէկ ընտանիք, իրարմէ աղջիկ առած ու տուած են հաստատելով խնամիական կապեր. այս խառն ամուսնութիւններն ալ իրենց կարգին երեւան հանած են ժխտական երեւոյթներ, որոնցմէ բոլորիս ծանօթ է հայախօսութեան նահանջը:
Արտագաղթը շատ ծանր ազդեցութիւն ձգեց նաեւ ընկերային կեանքին վրայ: Մարդուժի պակասը զգալի է ամէնուրեք. սղաճը դարձեալ իր ճնշիչ ազդեցութիւնը կը ձգէ մարդոց կենցաղային իրավիճակին վրայ: Դժբախտաբար մարդոց մտածելակերպը, արժէքային համակարգը մասամբ տեղի տուած են: Սա որոշ չափով անմեղադրելի կը համարեմ այս դժուարին պայմաններուն մէջ, սակայն իսկապէս որ մտահոգիչ է իրավիճակը: Որոշ մարդիկ միշտ ակնկալութիւն մը ունին «ազգ»-էն, փոխարէնը իրենք ոչ մէկ պարտաւորութիւն կը զգան։ Այս ալ օժանդակութիւններուն բացասական կողմն է:
Այս պայմաններուն մէջ առաջնահերթ կը նկատենք երիտասարդ մարդուժի պատրաստութիւնը, մարդոց գործ հայթայթելու միջոցներու որոնումը, որոնց կարգին փոխանորդարանին որոշ լիազօրութիւններու տրամադրումը, ըստ կարգ ու պատշաճին:
Պատրաստեցին՝
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Յակոբ Սրկ. Պարսումեան
Խաչիկ Մելքոնեան
Comments are closed.