Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» Վերլուծական Հարթակի Մեկնարկ

Ուրբաթ 5 Դեկտեմբերին, Լոնտոնի ժամով 17:30-ին, մեկնարկը տրուեցաւ Սփիւռքեան հեռանկարներ (Diasporan Perspectives) վերլուծական հարթակին, որ հիմնուած 2025-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ. անոր կեդրոնացումն է Հայկական Սփիւռքը եւ Հայաստանը։

Օր մը առաջ, 4 Դեկտեմբերին խումբ մը մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը, մասնակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի եւ ծրագրի ղեկավար՝  սփիւռքահայ ակադեմական Վիգէն Չթըրեանի։

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը տեղի ունեցաւ քննական զրոյցով մը, որ անդրադարձաւ հիմնական հարցերու՝ ինչո՞ւ հիմա՛ ստեղծել նման վերլուծական հարթակ մը,անիկա ինչո՞վ կը տարբերի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւններէ, որո՞նք են նպատակներն ու խնդիրները, սփիւռքեան հեռանկար մը ունենալը ի՞նչ կ՚ենթադրէ ազգային խնդիրներու վերլուծութեան մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ հետազօտութիւնները հասցէագրել որոշում կայացնողներու…։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիմնարկութեան տնօրէն Անթոնիօ Ֆրեյժօ։

Զրոյցին մասնակցողներն էին` Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան hիմնարկութեան hայկական hամայնքներու bաժանմունքի տնօրէն), Վիգէն Չըթըրեան («Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան տնօրէն, Ժընեւի համալսարանի դասախօս), Արմինէ Իշխանեան (London School of Economics and Political Science-ի ընկերային քաղաքականութեան բաժինի դասախօս)։

Հիմնարկի «Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան մէջ առանձին տեղ վերապահուած է սփիւռքեան ինքնութեան վերաբերեալ հարցերուն:

Քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սփիւռքի կառոյցները եւ անհատները յանձնառու կը մնան ազգային հարցերու շուրջ իրենց աշխատանքը տանելու ուղղութեամբ:

Հիմնարկը կը նախատեսէ իւրաքանչիւր ծրագիրը յառաջ տանիլ մասնագէտներ համախմբելով եւ զանազան բնագաւառներէ ներս։

Հուսկ, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ ապա հիւրասիրութիւն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/our-news-hy/սփիւռքեան-հեռանկարներ-վերլուծական եւ www.diasporanperspectives.org