Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 125.000 Եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն։ Այս քայլը կը յաջորդէ 2021-ի սկզբին դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (tablets) եւ 50 համակարգիչ ներու նուիրատուութեան:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Կիւլպէնկեանի Հայկական Բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն։ Վերջին տարիներուն, Բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է՝ իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքէն ներս գործող վարժարաններուն:
Այսօր Լիբանանը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենածանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը։ Ի պատասխան՝ Բաժանմունքը ժամանակաւորապէս սառեցուցած է 2020 թուականին մեկնարկած դպրոցական նպաստներու իր ծրագիրը: Երեք դպրոցներու համապարփակ կրթական ծրագիրներու մշակումին աջակցելու փոխարէն, Բաժանմունքը այժմ կ’աջակցի բոլոր դպրոցներուն՝ անոնց անյետաձգելի կարիքները հոգալու նպատակով:
Տրամադրուող այս օժանդակութիւնը մասնիկ մըն է Լիբանանի մէջ Բաժանմունքին այլ նախաձեռնութիւններուն՝ կրթաթոշակներ, յատուկ կրթութեան ուղղուած ծրագիրներ, ուսուցիչներու վերաորակաւորում, հրատարակութիւններ եւ երիտասարդներու մշակութային ծրագիրներու աջակցութիւն:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք Բաժանմունքին կայքէջը https://gulbenkian.pt/armenian-communities/