Բողոքի ցոյց Վանգուվըրի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց
2120
0
Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2020-ին, Վանգուվըրի հայ համայնքը համախմբուեցաւ թրքական հիւպատոսարանին դիմաց՝ դատապարտելու համար թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնարարքները Արցախի ու Հայաստանի վրայ։ Ներկայ էին եկեղեցական, կուսակցական ու միութենական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պահանջատէր հայորդիներ։ Ներկաները կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան ու Գանատայի կառավարութեան՝ ճանչնալ Արցախի Անկախութիւնը, դատապարտել Թուրքիան ու Ատրպէյճանը եւ կիրարկել պատժամիջոցներ զոյգ ցեղասպան պետութիւններուն դէմ։
դէմ։