Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի Նոր ժապաւէնը Արցախի Ապրիլեան պատերազմին մասին է
Նոյեմբեր 14-ին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան։ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հիւր բեմադրիչին ծանօթացուց «Հորիզոն»ի աշխատանքները։
Ջիւան Աւետիսեան իր կարգին տեղեկութիւններ փոխանցեց արուեստի աշխարհէն ներս իր կատարած աշխատանքներուն մասին եւ յայտնեց, որ շուտով կը սկսին իր նոր ժապաւէնի՝ «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի նկարահանումները։ Ան յայտնեց, որ եւրոպական տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի մէջ նկարահանուելիք լիամեթրաժ ժապաւէնին նիւթը կեդրոնացած է Արցախեան Ապրիլեան պատերազմին վրայ։
Նշենք, որ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Թորոնթոյի մէջ, Համազգայինի կազմակերպած «Նուռ» ֆիլմի փառատօնի ընթացքին, որուն հրաւիրուած է բեմադրիչը։
Ստորեւ «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի գովազդի որմազդը որ առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի։