«Բաց Վէրքեր. Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» գիրքի շնորհահանդէս Գանատայի մէջ
Օգոստոս 14, 2017
2241
0
Պատմաբան, լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան 2015-ին հեղինակած է գիրք մը, ուր կ՚արծարծուին հայ եւ թուրք յարաբերութիւնները, քրտական հարցը եւ անցնող 100 տարուան ընթացքին տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական վիճակը։ «Բաց Վէրքեր. Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» հատորը կը կեդրոնանայ նաեւ յետ-ցեղասպանութիւն ժամանակաշրջանին վրայ։
Վերոնշեալ գիրքի շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Գանատայի մէջ։ Շնորհահանդէսը կազմակերպուած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան կողմէ։
Open Wounds։ Armenians, Turks and a Century of Genocide
Հեղինակ՝ Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան – Phd in History and Politics of International Relations
Չորեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս:
Հինգշաբթի 7 Սեպտեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս: