«Բարեւ․․․ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհանդէս՝ Թորոնթոյի մէջ
- (0)

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց․ Առաք. Եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհանդէսը։
Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ․ Վրդ. Քիւսպէքեանի, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժն. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի, Օնթարիոյ Նահանգի խորհրդարանի անդամ՝ Տիար Արիս Պապիկեանի, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի եւ անդամներ՝ Յարութ Գասապեանի, Արմէն Հրեշտակեանի եւ Գրիգոր Շիթիլեանի, Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած գիրքին հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներու, ազգային-եկեղեցական մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ գրասէր ու ընթերցասէր բազմութեան մը։
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքի անդամներէն Բրշ. Շանթ Սրկ. Տէօքմէքճեանի բացման խօսքով։ Ան ի մի բերաւ գիրքի կարեւոր դերակատարութիւնը, գիրքը նմանցնելով նաւու մը, ուր անոր ալիքներուն վրայ գիտելիքներու շարան մը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Բարեշնորհ Սարկաւագը իր խօսքին ընդմէջէն ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքի առաքելութեան մասին ըսելով. «Թեմիս Հայեցի Դաստիարակութեան առաքելութիւնը եղած է՝ կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել ﬔր մատղաշ սերունդին, որպէսզի անոնք լիցքաւորուին ﬔր դարաւոր անցեալով, հայկական աւանդութիւններով, մշակութային եւ կրօնական արժէքներով։ Բաժանմունքը փորձած է քաջալերել հայ տաղանդաւոր փոքրիկներն ու պատանիները, որպէսզի անոնք հաստատ քայլերով բարձրանան յաջողութեան աստիճանները եւ շարունակական ներդրում կատարած է հայոց լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման կարեւոր գործին»:
Օրուան հանդիսավար՝ հայեցի դաստիրակութեան բաժանմունքի անդամներէն Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեանը հրաւիրեց, փոքրիկներ՝ Մկրտիչ եւ Արէգ Զերէնցեաններ եւ Քնար Թորոսեան ընթերցելու համար հատուածներ հայոց պատմութենէն, որը ներառուած էր դասագիրքին մէջ։
Փաթիլ Մկրտիչեան գեղեցիկ ոճով ընթերցեց Նայիրի Մկրտիչեանի կեսագրականը անդրադառնալով անոր կրթական, ազգային, հայրենասիրական եւ հասարակական գործունէութիւններուն մասին։
Գիրքի հեղինակ՝ Նայիրի Մկրտիչեան, ներկայացուց դասագիրքի բովանդակութիւնը։ Ան պատկերազարդ սփռումով, պաստառի վրայ բացատրեց դասագիրքի էջերու բովանդակութիւնը, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւն տալով տեղադրուած նկարներուն մասին։
Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը նախ ողջունելով օրուան հիւրը, որ այս առթիւ յատուկ ժամանած էր հայրենիքէն, աչքի առաջ բերելով Ազգային Առաջնորդարանին հետ իր ունեցած համագործակցութիւնը հայեցի ծրագրերով եւ աշխատանքներով։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ գիրքի վերնագրին մասին, ուր գիրքը ինքզինքը կը ներկայացնէ մանուկին, որ հմայուած է 21-րդ դարու արդիականացման մեթոտներով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ՝ «Գիրքը պէտք է ըլլայ բարեկամը, ընկերը եւ բալասանը իւրաքանչիւր հայու», բարձր գնահատելով Նայիրի Մկրտիչեանի կատարած այս աշխատանքը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ մանկավարժական սկզբունքներով պատրաստած եւ հրապարակած է։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ գիրքի ծնունդին մասին, որուն հիմնական եւ մղիչ ուժը եղած էր ինքնութեան անառատ պահապանումը, իր մէջ ներառելով լեզուն եւ մշակոյթը, որը պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ համակելով հայեցի կրթութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որոնք զուգահեռ եւ անբաժանելի կրթութիւններ են։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին ընդմէջէն գնահատեց նուիրեալ անձինքը, որոնք նուիրումով եւ ծառայութեամբ կը կատարեն այս բոլոր առաքելութիւնները պահպանելով երէկուան, վաղուան եւ գալիք սերունդներուն հայու ինքնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Նայիրի Մկրտիչեանի տոհմական ազգային եւ հայրենասիրական ընտանիքի անդամ ըլլալը, ուր հայեցի դաստիրակութեամբ սնուած դարձեալ սնուցանելու գիտակցութեամբ կ՚ընթանայ իր ծրագիրները։
Աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս երախտագիտական խօսքերով գնահատեց ներկաներուն ժամանումը, որոնց քաջալերական ներկայութիւնը ի միտի կը բերեն նոր մտայղացումներ եւ նոր մեկնարկներ։ Ան կոչ ուղղեց, որ միասնութեան եւ համագրոծակցութեան ոգիով ընթանանք առաջ, որուն արգասիքը պիտի ըլլայ նորարար աշխատանքներ յանուն հայ երեխայի եւ ապագայի հայ սերունդի գոյատեւման։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։
ՀՈՒՐԻՆԱ