«Բարգաւաճ Հայաստան»-ը ինքնուրոյն ցանկով պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն
- (0)

Յառաջիկայ յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Գագիկ Ծառուկեան պիտի մասնակցի իր գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան միջոցով։ Այս տեղեկութիւնը «Ազատութիւն» լրատուամիջոցի հետ զրոյցի ընթացքին հաղորդեց Ծառուկեանի մամլոյ խօսնակ Իվետա Թոնոյեանը։
Ան յստակեցուց, թէ կուսակցութիւնը ընտրապայքարին պիտի մասնակցի «ԲՀԿ»-ի անունով եւ «Առաջարկ Հայաստան» ծրագրային հենքով։ «Դաշինքի մասին խօսք չկայ․ ընտրութիւններուն կը մասնակցի բացառապէս «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը»,– նշեց Թոնոյեան։
Խօսնակի փոխանցմամբ՝ կուսակցութեան համագումարը նախատեսուած է մարտ ամսուն, որուն ընթացքին ալ հանրութեան պիտի ներկայացուի ԲՀԿ-ի նախընտրական ցուցակի առաջին երեսուն թեկնածուներուն կազմը։
Վերջին շրջանին Գագիկ Ծառուկեան ընդգծած էր, որ պատրաստ է համագործակցիլ բոլոր այն անձերուն հետ, որոնք պատրաստ են ծանր եւ պատասխանատու աշխատանքի եւ կը կիսեն «Առաջարկ Հայաստան» ծրագրի հիմնական դրոյթները։ Կուսակցութեան ղեկավարը այսօր դարձեալ հաստատեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի այդ ծրագիրով։
Աւելի վաղ ան յայտնած էր նաեւ, թէ ինք անձամբ երկրի ղեկավարի պաշտօնին չի ձգտիր, սակայն ունի վարչապետի պաշտօնի համար երեք տարբեր թեկնածուներ։