Բագրատունի. «Լիբանանի մէջ հրադադարը տակաւին չի նշանակեր յարձակումներու դադար»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «ԱլֆաՆիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ շրջանին մէջ հրադադարի ընկալումը այսօր փոխուած է. Լիբանանի մէջ հրադադարը տակաւին չի նշանակեր յարձակումներու լիակատար դադար:

«Հրադադար ըսելով` մենք կը հասկնայինք փոխադարձ յարձակումներու եւ թիրախաւորումներու դադրեցում, սակայն, ըստ երեւոյթին, այժմ նոր ընկալում ձեւաւորուած է. նոյնիսկ հրադադարի պայմաններուն մէջ յարձակումները կը շարունակուին, պարզապէս` աւելի փոքր ծաւալով», ըսած է ան:

Անդրադառնալով բանակցութիւններուն` Բագրատունի նշած է, որ գործընթացը կ՛ընթանայ երկու ուղղութեամբ` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական ու զինուորական պատուիրակութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչ որ աննախադէպ է երկրի պատմութեան համար: Անոր համաձայն, արդէն կան որոշ պայմանաւորուածութիւններ, սակայն կը պահպանուին նաեւ չյստակացած հարցեր, ներառեալ` տակաւին չհրապարակուած անվտանգային համաձայնագիրը:

«Տակաւին կանուխ է յստակ եզրակացութիւններ ընել, քանի որ լիբանանեան հասարակութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ լուրջ տարաձայնութիւններ կան», ընդգծած է երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ համաձայնագիրը պէտք է ստանայ ինչպէս կառավարութեան, նոյնպէս ալ խորհրդարանի հաւանութիւնը:

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան իբրեւ պայմանաւորուածութիւններու երաշխաւոր, սակայն Հըզպալլան եւ  շարք մը քաղաքական ուժեր դէմ են առաջարկուող համաձայնագիրին: