Բաբգէն Արքեպիսկոպոս այցելեց Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանը

Չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեանի, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, այցելեց Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր շքախումբը դիմաւորուեցան Նահանգային Երեսփոխան Արիս Պապիկեանի օգնական՝ Պրն. Արիս Մովսէսեանի կողմէ։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր շքախումբին հետ ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի մէկ նիստին, ուր Երեսփոխան Արիս Պապիկեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իր շքախումբի ներկայութիւնը։

Նիստէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առիթը ունեցաւ այցելելու Երեսփոխան Արիս Պապիկեանի գրասենեակը եւ հոն հանդիպեցաւ կարգ մը նախարարներու հետ, ուր առիթը եղաւ զրուցելու Օնթարիոյի հայ համայնքի մասին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ