Աւելի Քան 100 Պատանի Մասնակցած Է ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ Կազմակերպուած Միօրեայ Ճամբարին
ՀՅԴ Վանքի «Նորայր Դանիէլեան» պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ Վանք գիւղին մէջ Մարտակերտի շրջանի Վանք, Շահմասուր, Ծմակահող եւ Գառնաքար համայնքներու աւելի քան 100 պատանիներու համար կազմակերպուած էր միօրեայ ճամբար:
Ծրագիրը, որ կեանքի կոչուած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, Արցախի Հայ օգնութեան միութեան եւ ՀՄԸՄ Արցախ-ի ջանքերով, կը նպատակադրէր Արցախի շրջափակման պայմաններու մէջ պատանիներուն կտրել առօրեայ հոգերէն եւ անոնց ուրախ ու անմոռանալի օր պարգեւել: Պատանիները պատրաստած էին բեմական ներկայացումներ, երգեր, պարեր, խաղեր եւ դասախօսութիւն:
Ծրագրի բացման ներկայ գտնուած են` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեանը, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սամուէլ Աղաջանեանը, ՀՅԴ Մարտակերտի «Գանձասար» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալիկ Սարգսեանը, Վանքի դպրոցի տնօրէն Արամայիս Բալայեանը, կուսակցական ընկերներ եւ ուսուցիչներ: