Աւարայրով վկայագրուեցաւ Հայ Ազգի ազատետենչութիւնը
- (0)

«Շատ աւելի մեծ մէկն է, որ ձեզմէ ձեր արիւնը կ՚ուզէ։ Ու այդ աւելի մեծը՝ հայոց հայրենիքն է, այս սքանչելի երկիրը, ո՜վ իմ ազնուական զինուորներս։ Այդ աւելի մեծը՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին է, հաւատքն է ձեր պապերուն»
Վարդան Մամիկոնեան
Հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ Աւարայրի ճակատամարտը կը հանդիսանայ այն հաւատամարտը հայրենի հողի եւ հաւատքի համար մղուած։ Աւարայրեան ազատատենչութեան առհաւական ժառանգութիւնը ոգեղէն հնոցն է հայութեան դարաւոր լինելութեան գոյապայքարին։ Վարդան Մամիկոնեան եւ ուխտապահ իր զինակիցները՝ յանուն հայրենիքի կրեցին նահատակութեան փառապսակը։
451 թուականի Մայիս 26-ին, պատմական Վասպուրականի Աւարայր դաշտի Տղմուտ գետի ափին, հայոց բանակը սպառազինուած էր քրիստոնէաշունչ հաւատքով։ Գիտակից ըլլալով հայ ժողովուրդի լինելութեան համար մղուող այս ճակատամարտի կարեւորութեան, ռազմադաշտին վրայ, հայ զինուորի կողքին էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Յովսէփ Ա. Վայոցձորցի կաթողիկոսն ու հոգեւորականաց դասը։
Հայոց սպարապետն ու իր գլխաւորած զօրասիւնի այրուձին յանդգնօրէն ներթափանցեցին պարսկական բանակի մարտակարգի խորքը ու թէժ աղեղնամարտէ ու մենամարտէ ետք, նահատակուեցան կռուի դաշտին վրայ։ Սպարապետի մարտական այս խոյանքով է, որ ձեւակերպուած է «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսը։ Հայութեան ազգային ինքնութեան սպառնացող թշամիին դէմ արեան հեղեղով ու ստոյգ մահով հակադարձութիւն էր հայոց սպարապետի մոլեգին գրոհը։
Մամիկոնեանները, Խորխոռունիները, Արծրունիները, Պալունիները, Քաջբերունիները, Կամսարականներն ու Դիմաքսեանները գիտակից էին, որ քրիստոնէութեան մէջ խարսխուած են հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, ազատութիւն, ընտանիք եւ հայրենիք հասկացութիւնները, որոնց պահպանման համար մարդ անհատը անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է դիմէ ինքնազոհութեան եւ անձնուրացութեան:
Սպարապետ Վարդան եւ իր ուխտապահները գիտակցութեամբ ընտրեցին նահատակութիւնը, որպէսզի պահպանուի հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքը, որպէսզի գոյատեւեն հայն ու Հայաստանը՝ որպէս ինքնուրոյն ազգ ու պետութիւն։ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնը դարերով մեզի յիշեցուցած է, որ հայ ազգին համար գերիվեր է հաւատքի ու հայրենի հողի համար մղուող պայքարը։
Դարերու խորքէն եկած Աւարայրի մարտական աւանդը սաւառնեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն, երբ համայն հայութեամբ մղուեցաւ արցախահայութեան գոյամարտը։ 2023-ի Սեպտեմբերին, երկարատեւ շրջափակումէ ետք, ինկաւ հայոց արեւելից կողմանց միջնաբերդ Արցախը։ Արցախի պաշտպանական բանակի հայ զինուորը, դաւադրաբար լքուած ու առանձին՝ իր Աւարայրը մղեց։
Աւարայրի ճակատամարտը իրաւամբ հաւատամարտ էր, համաժողովրդային ապստամբութիւն՝ պահպանելու հայրենիքն ու կրօնքը։ Հայ ժողովուրդի ռազմիկները Աւարայրի դաշտին վրայ մահուան հետ գրկախառն ոգորեցան ազգի գոյատեւելիութիւնը երաշխաւորելու համար։ Փա՜ռք ու յարգանք հայ զինուորին։
«Հորիզոն»ի խմբագրական