Արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները յայտարարեցին իրենց անվերապահ հաւատարմութիւնը Գարեգին Բ.–ին

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր կը վերահաստատեն իրենց անվերապահ աջակցութիցնն ու որդիական հաւատարմութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.–ին։ Յայտարարութիւնը ստորագրած են 27 բարձրաստիճան հոգեւորականներ։

«Անընդունելի եւ վտանգաւոր կը նկատենք ներեկեղեցական հարցերու քաղաքական միջամտութեամբ լուծման որեւէ փորձ՝ անկախ պատճառաբանութենէն։ Եկեղեցւոյ կառավարման եւ ներքին կեանքին առնչուող բոլոր խնդիրները անխտիր կարգաւորելի են եղբայրական սիրով, առաքելագործ եպիսկոպոսներուն վայել գիտակցութեամբ եւ եկեղեցական-ժողովական իրաւասու մարմիններու միջոցով՝ համաձայն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ գործող կանոնական ընթացակարգերուն։

Անհանդուրժելի եւ դատապարտելի կը նկատենք Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետին անուան յիշատակումի կամայական զեղչումը՝ որպէս ծիսականոնական կոպտագոյն խախտում, որ եկեղեցաբանութեան տեսանկիւնէն պառակտիչ տարրեր կը պարունակէ։

Հաւատացած ենք, որ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնութիւնն ու խաղաղութիւնը վեր են անձնական, խմբային կամ այլ շահերէն եւ պիտի ամրանան սիրոյ հաղորդութեան, ճշմարտութեան ու արդարութեան ճամբով՝ առաքելական հորդորով հաստատուած՝ «Խնդրեմ ձեզ, եղբայրնե՛ր, հեռու մնացէ՛ք այն մարդոցմէ, որոնք պառակտում եւ գայթակղութիւն կ’առաջացնեն՝ հակառակ այն վարդապետութեան, զոր դուք սորվեցաք։ Հեռու մնացէ՛ք անոնցմէ» (Հռոմ. ԺԶ 17)։

Համոզուած ենք, որ մեր եպիսկոպոսաց համախումբ ջանքերով պիտի գտնուին արդիւնաւէտ լուծումներ ի շահ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ»,— կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութիւնը ստորագրած են՝ Խաժակ արք. Պարսամեան, Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Յակոբ արք. Գլնճեան, Եզրաս արք. Ներսիսեան, Վիգէն արք. Այքազեան, Հայկազուն արք. Նաճարեան, Միքայէլ արք. Աջապահեան, Բագրատ արք. Գալստանեան, Արշակ արք. Խաչատրեան, Վահան եպս. Յովհաննիսեան, Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Արարատ եպս. Գալթագճեան, Մկրտիչ եպս. Պռոշեան, Աբգար եպս. Յովակիմեան, Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան, Մուշեղ եպս. Պապայեան, Նարեկ եպս. Պերպէրեան, Յովնան եպս. Յակոբեան, Դանիել եպս. Ֆընտըգեան, Տիրան եպս. Պետրոսեան, Մեսրոպ եպս. Պարսամեան, Օշական եպս. Գիւլգիւլեան, Արէն եպս. Շահենեան, Գրիգոր եպս. Խաչատրեան, Կիրակոս եպս. Դաւթեան, Մակար եպս. Յակոբեան։

Վերջին օրերուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շարք մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, հրապարակած էին յայտարարութիւն մը, ուր կը պնդէին, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. փորձած է կոծկել Մայր Աթոռի դիվանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանի շինծու արարքը։ Նոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, թէ «Գարեգին Բ.–ն անհաւատարիմ գտնուած է իր կաթողիկոսական օծումով ստանձնած ուխտին»։

Փաշինեան հանդիպած էր անոնց հետ եւ ողջունած անոնց դիրքորոշումը։ Նոյեմբերի 29-ի նոր յայտարարութեամբ՝ նոյն խումբը պահանջած էր, որ կաթողիկոսը հանգստեան անցնի։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դեկտեմբերի 10-12-ին եպիսկոպոսաց ժողով հրաւիրած է։