Արցախի քառօրեայ պատերազմին ՀՕՄ-ը 500 000 տոլարի օժանդակութեամբ աջակցած է Հայոց բանակին

2015-2019 ՀՕՄ-ի բարեսիրական, մարդասիրական եւ կրթական ծրագիրներու համագումարը կազմած է 12 միլիոն տոլար

Մոնթրէալի մէջ շարունակուող Հայ Օգնութեան Միութեան 72-րդ Համահայկական ժողովի ընթացքին «Հորիզոն» յատուկ հարցազրոյց կատարեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեանի հետ, որ ՀՕՄ-ի ծաւալած բարեսիրական եւ մարդասիրական առաքելութիւններուն ծիրին մէջ յատկապէս շեշտեց հայ զինուորին եւ հայոց բանակին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը։ Ան հաստատեց, որ 2016-ին, Արցախի քառօրեայ պատերազմին յաջորդող ժամանակահատուածին՝ ՀՕՄ-ը 500 000 տոլարի օժանդակութեամբ աջակցած է Հայոց բանակին։ Ընկհ. Շմաւոնեան յայտնեց նաեւ, որ անցնող քառամեակին ՀՕՄ-ի բարեսիրական, մարդասիրական եւ կրթական ծրագիրներու համագումարը կազմած է 12 միլիոն տոլար։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ Մոնթրէալի մէջ։ Անցնող չորս օրերու ընթացքին 27 երկիրներէ ժամանած պատգամաւորներն ու ներկայացուցիչները քննարկման բովէ անցուցին Հայ Օգնութեան Միութիւնը շահագրգռող խնդիրները եւ մշակեցին յառաջիկայ քառամեակի գործունէութեան ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի գաղթօճախներու մէջ բարեսիրական աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը: Ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց հայկական վարժարաններուն ու հայեցի կրթութեան հանդէպ ՀՕՄ-ի յանձնառութիւնը:

1992 թուականէն ի վեր, շնորհիւ ՀՕՄ-ին, հովանաւորներ ունին զոհուած ազատամարտիկներու եւ երկկողմանի ծնողազուրկ շուրջ 8000 երեխաներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, ՀՕՄ-ի ջանքերով հովանաւորուած են նահատակ զինուորներու աւելի քան 70 երեխաներ։

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, «Ուժեղ բանակ, ամուր սահման` հզօր հայրենիք» ծրագրով Հայոց բանակի բոլոր վիրաւոր զինծառայողները եղած են ՀՕՄ-ի հոգածութեան առարկայ եւ սերտ համագործակցութիւն ստեղծուած է Հայրենիքի Պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին հետ:

ՀՕՄ-ի Արցախի «Սօսէ» մանակապարտէզներու ցանցը կը գործէ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Տողի, Մեծ Թաղերու, Աշանի, Ականաբերդի, Քարեգահի եւ Խնձրիստանի մէջ, իսկ 2017-ին ՀՕՄ-ի նիւթական օժանդակութեամբ վերանորոգուած է Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի արդիական եռայարկ շենքը, ուր իրենց նախադպրոցական կրթութիւնը կը ստանան 130 երեխաներ:

Հայաստանի սահմանապահ գիւղերու ռազմավարական նշանակութիւնը նկատի ունենալով, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը ուսումնասիրելով սահմանամերձ գիւղերու հիմնախնդիրները, նախաձեռնած է «Սահմանապահ եւ սահմանամերձ գիւղերու օժանդակութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ նպաստել սահմաններու պաշտպանութեան ամրապնդմանը եւ գիւղերու տնտեսութեան զարգացմանը։

72-րդ Համահայկական ժողովին օրակարգերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ Սուրիահայութեան աջակցելու օրակարգը։

Ժողովին կը մասնակցին Հայաստանէն, Արեւելեան ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն, Գանատայէն, Արեւմտեան ԱՄՆ-էն, Աւստրալիայէն, Յունաստանէն (Մակեդոնիա եւ Թրակիա), Հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Կիպրոսէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Եգիպտոսէն, Սթոքհոլմէն (Շուէտ) եւ Քուէյթէն ժամանած 47 պատգամաւորներ։

ՀՕՄ-ի կառոյցը ունի 12 շրջաններ եւ 18 մեկուսի միաւորներ։ 1910-ին հիմնուած Հայ օգնութեան միութիւնը այսօր 12 հազար անդամներով իր գործունէութիւնը կը շարունակէ 27 երկիրներու մէջ։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.