Արցախի Պահպանութեան Կոմիտէն կը պահանջէ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնանկութիւնը
- (0)

Արցախի Պահպանութեան Կոմիտէն յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր կը նշուի․
«Արցախի Պահպանութեան Կոմիտէն կ՚արձանագրէ, որ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի վերջին վարքագիծը եւ հանրային դաշտին մէջ արձանագրուած քայլերը փաստացի կերպով յանգեցուցած են վստահութեան փլուզման՝ թէ՛ արցախահայութեան, թէ՛ թեմական կեանքի շրջանակներուն մէջ։
Մենք խստիւ կը դատապարտենք այն իրողութիւնը, որ Արցախի թեմի առաջնորդին անունն ու դիրքը յայտնուած են քաղաքական շփումներու եւ գործընթացներու մէջ՝ այն պայմաններուն տակ, երբ արցախահայութիւնը տակաւին կը կրէ տեղահանութեան, կորուստի եւ ազգային աղէտի ծանր հետեւանքները։ Արցախի թեմի առաջնորդին պարտականութիւնն է ըլլալ ժողովուրդին կողքին՝ ոչ թէ ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն, թէ թեմի բարձր ամբիոնը կը վերածուի քաղաքական օրակարգերու գործիքի։
Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ցուցաբերած մօտեցումը, անկախ յետագայ մեկնաբանութիւններէն, արդէն իսկ յառաջացուցած է հանրային արդարացի վրդովմունք, օրինականութեան վերաբերեալ կասկածներ, իսկ արցախահայութեան մէջ՝ հոգեւոր առաջնորդի դերին մերժում։ Այս իրավիճակը մէկ բան կը նշանակէ՝ տուեալ առաջնորդութիւնը այլեւս չի ապահովեր թեմի միասնութիւնը, հեղինակութիւնը եւ հոգեւոր անվտանգութիւնը։
Ուստի Արցախի Պահպանութեան Կոմիտէն․
– Կը պահանջէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն՝ անյապաղ փոխել Արցախի թեմի առաջնորդը, որովհետեւ ստեղծուած պայմաններուն մէջ թեմը չի կրնար ղեկավարուիլ վստահութեան բացակայութեամբ եւ շարունակական ներքին լարուածութեամբ։
– Կոչ կ՚ուղղէ Մայր Աթոռին՝ առանց ձգձգումի նշանակել ժամանակաւոր տեղապահ եւ ապահովել կանոնական կարգով թեմի բնականոնացման ընթացքը։
– Կը պահանջէ, որ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան հրապարակային, յստակ եւ փաստարկուած պատասխան տայ՝ ինչ սկզբունքներով եւ ինչ պատասխանատուութեամբ առաջնորդուած է՝ գիտակցելով, որ Արցախի թեմի առաջնորդին իւրաքանչիւր քայլը ունի ազգային եւ հոգեւոր ծանր հետեւանքներ։
Մենք յստակ կը յայտարարենք՝ Արցախի թեմը չի կրնար ըլլալ փորձարկումներու, անձնական նախաձեռնութիւններու կամ քաղաքական խորամանկութիւններու հարթակ։ Երբ առաջնորդը կը դառնայ բաժանման պատճառ, ան այլեւս չի կատարեր առաջնորդի իր առաքելութիւնը»։