Արցախի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Փարիզի Քաղաքապետին Հետ
Ֆրանսայի այցելութեան ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Ֆրանսա կապերու զարգացման, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող տարբեր հարցեր:
Արայիկ Յարութիւնեան բարձր գնահատած է Անն Իտալկոյի ջանքերը՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարին սատարման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւի օգտին քուէարկելուն համար:
Նախագահ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի համար կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը: Այդ ծիրէն ներս՝ երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ քաղաքներու հետ ունեցած համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը՝ յոյս յայտնելով, որ երկկողմ յարաբերութիւնները աւելի զարգանան:
Փարիզի քաղաքապետը վստահեցուցած է, որ Փարիզը միշտ պիտի ըլլայ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի կողքին՝ պաշտպանելով անոր ինքնորոշման եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքները: