Արցախի նախագահը կը հերքէ Նիկոլ Փաշինեանի անհիմն պնդումները

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, անդրադառնալով վերջին զարգացումներուն, յայտարարած է, որ Արցախին առնչուող բոլոր հիմնական հարցերը քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ։ Ան խիստ կերպով հերքած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն պնդումները, թէ արցախցի ղեկավարները պատերազմի ընթացքին «փախած ու ճողոպրած են»՝ նման յայտարարութիւնները որակելով իբրեւ զառանցանք։

Շահրամանեանի դիտել տուած է, թէ Փաշինեանի կողմէ հնչեցուած սադրիչ ձեւակերպումները նպատակ ունին հասարակութեան մէջ պառակտումներ յառաջացնել եւ անհանդուրժողականութիւն հրահրել։

Արցախի նախագահը շեշտած է, որ 2020 թուականի պատերազմի օրերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական առաջնագիծին վրայ գտնուած են նոյնինքն Հայաստանի գործող իշխանութիւնները, եւ ըստ այդմ՝ իրենց գործողութիւններուն հետեւանքն է, որ այսօր հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է Արցախը։

Անդրադառնալով Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի հանգամանքներուն՝ Շահրամանեան պարզաբանած է, որ նախկին նախագահը շրջափակման ընթացքին քանի մը անգամ փորձած է հեռանալ պաշտօնէն՝ սեփական որոշմամբ, քանի որ կը հաւատար, թէ կորսնցուցած է ժողովուրդի վստահութիւնը եւ չունի անհրաժեշտ լծակները կացութիւնը փոխելու համար։ Ան վստահեցուցած է, որ Յարութիւնեանի նկատմամբ քաղաքական որեւէ ճնշում չէ եղած։

Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն պնդել, որ Արցախի մէջ իշխանափոխութիւնը եւ հետագայ լուծարումը կազմակերպուած են նախկին գործիչներու կողմէ, Շահրամանեան կը վերահաստատէ, որ իրենք ամէն գնով փորձած են խուսափիլ ռազմական լարուածութենէն։

Նախագահը եզրափակած է նշելով, որ թէեւ Արցախը հայաթափուած է, սակայն արցախցիները պիտի շարունակեն պայքարիլ իրենց հայրենիք վերադառնալու միջազգային իրաւունքի պահպանման համար։