«Արցախի մելիքութիւնները XVII-XIX դդ․»․ նոր աշխատութիւն՝ Արցախի հայոց իշխանութեան շարունակականութեան մասին
- (0)

Լոյս տեսւ ՀՀ Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի և Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արտակ Մաղալեանի «Արցախի մելիքութիւնները XVII-XIX դդ․» աշխատութիւնը, նուիրուած հայոց պատմութեան կարևորագոյն շրջափուլերէն՝ Արցախի մելիքութիւններու պատմութեանը:
Մենագրութեան մէջ արխիւային նորայայտ նիւթերու, վիմագրերու և պատմագիտական գրականութեան հիման վրա քննարկուած են Արցախի մելիքներու իրաւասութիւններու և պարտականութիւններու հետ կապուած հարցերը, ինչպէս նաև ներկայացուած է մելիքութիւններու պատմութիւնը: Գրքին մէջ ցոյց տրուած է հայոց իշխանութեան շարունակականութիւնը Արցախի մէջ՝ ընդհուպ մինչև այդ երկրամասի միաւորումը Ռուսաստանին: