«Արցախի Հոգեւոր ու Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Խնդիրներն ու Վտանգները» Խորագիրով Գիտաժողով՝ Ստեփանակերտի Մէջ

Հոկտեմբեր 9-11 Արցախի թեմի, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Արցախի գիտական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած էր գիտաժողով՝ «Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան խնդիրներն ու վտանգները» խորագիրով: Գիտաժողովին մասնակցած եւ զեկուցումներով հանդէս եկած են քանի մը տասնեակ հայ եւ օտար գիտնականներ ու հետազօտողներ արտերկրէն, ՀՀ-էն ու Արցախէն: Գիտաժողովին նպատակն էր ազրպէյճանական կեղծարարութեան ընդդէմ ներկայացնել գիտականօրէն փաստարկուած, հանրամատչելի ու նաեւ օտարալեզու ընթերցողին հասանելի գիտական արտադրանք Արցախի վերաբերեալ:

Գիտաժողովի լիագումար նիստը տեղի ունեցաւ ԱՀ ԱԺ նիստերու դահլիճին մէջ, որմէ ետք աշխատանքները շարունակուեցան մասնախումբերու կողմէ, մասնախմբային նիստեր եղան նաեւ Արցախի Պետական Համալսարանի մէջ:

Ողջունելով եւ կարեւոր համարելով գիտաժողովին աշխատանքները՝ իր խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան նշած է.
«Այսօր Արցախը կանգնած է ոչ միայն մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վտանգներու, այլեւ գոյաբանական սպառնալիքներու առջեւ։

Բացայայտ ճշմարտութիւն է, որ Ազրպէյճանը իր ձեւաւորումէն ի վեր (1918 թ.) վարած է հակահայ պետական քաղաքականութիւն, որուն հիմքը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հայ ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու ոչնչացումը:

Արցախի հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը համաշխարհային մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան անբաժան մասը կը կազմէ: Հետեւապէս, Ազրպէյճանի կողմէ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան՝ յանցաւոր միտումնաւորութեամբ ոչնչացումը մարտահրաւէր է ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան»։

Գիտաժողովին իր օրհնանքի խօսքը բերած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան:

Մայր աթոռ Սուրբ էջմիածինի քարոզչութեան կեդրոնի ղեկավար Հայր Գարեգին Համբարձումեան ներկայացուց յետպատերազմեան շրջանին Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները:

Գիտաժողովի համակազմակերպիչներէն էր ԱՀ Նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեանը: Ամփոփելով գիտաժողովին աշխատանքները՝ ան նշած է. «Ամբարուեցաւ ծանրակշիռ նիւթ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան ուղղուած քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրներու, Ազրպէյճանի բռնաիւրացման քաղաքականութեան, ակադեմիական հայագիտութեան, Աղուանից եկեղեցւոյ պատմութեան, Արցախի հոգեւոր ու նիւթական պատմամշակութային ժառանգութեան մասին։ Շնորհակալ ենք Արցախ ժամանած բոլոր գիտնականներուն եւ հիւրերուն, առցանց զեկուցողներուն, գիտաժողովի կազմակերպման աջակցած գործընկերներուն։ Յաջորդ քայլը գիտաժողովին արդիւնքները գործնական փուլ մտցնելն է։ Պահպանենք պայքարի այս խրամատը, որովհետեւ ինքնութիւնն է մեր գոյութեան ու շարունակութեան եզակի պաշարը»։

ԱրՊՀ-ի մէջ տեղի ունեցած «Ակադեմիական հայագիտութիւնը եւ Ազրպէյճանի բռնաիւրացման քաղաքականութիւնը» խորագիրով մասնախմբային նիստը կը նախագահէին Համլետ Պետրոսեանն ու Նժդեհ Երանեանը, իսկ «Արցախի հոգեւոր ու նիւթական պատմամշակութային ժառանգութիւն Աղուանից եկեղեցւոյ պատմութիւն» մասնախումբը կը նախագահէին Մելանիա Բալայեանը եւ Գրիգորի Այվազեանը:

Աւարտին տեղի ունեցան ելոյթներու քննարկում եւ աշխատանքներու ամփոփում:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.