Արցախի կորուստը վերջնական չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ ու պիտի չմնա՛յ այդպէս
Ստորեւ կը ներկայացնենք 28 Յունուար 2024-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 133-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին պատգամաբեր Մհեր Գարագաշեանի խօսքը.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 134-րդ ամեակը կը թեւակոխենք՝ Արցախի անկումէն չորս ամիս ետք: Անցնող տարուան վերջին քառորդին, ազգովին կրկի՛ն անգամ ապրեցանք տեղահանութեան ու կորուստի ցաւը, կրկի՛ն անգամ ցեղասպանութեան ուրուականը մթագնեց Հայոց Աշխարհը ու մեր ամրոց-Արցախը ինկաւ կարճ բայց հերոսական դիմադրութենէ մը ետք: Ինկաւ ներքին ու արտաքին դաւադրութեանց իբրեւ արդիւնք, ինկաւ մեր մէջ բոյն դրած անտարբերութեան, համակերպման ու պարտուողական վարակին իբրեւ հետեւանք, ինկաւ վերջապէս՝ փանթրքական ծաւալապաշտական նկրտումներուն իբրեւ թիրախ, անգամ մը եւս հայաթափելով մեր հայրենիքի բազմադարեան մէկ օճախը:
2023-ի տարեվերջին, մեր 133-ամեայ պատմութեան դարձող էջը գրեցինք 1894-96-ի, 1909-ի, 1915-ի կամ 1920-ի նման թուականներու գորշ մելանով: Ամէն մէկ թուի հարուածի ու աղէտի տարողութիւնը անհամեմատելի ըլլալով հանդերձ, շատերս մղեց երկար խորհրդածելու, թէ ինչպիսի խորտակուած հոգեվիճակի մէջ էր հայ մարդը ընդհանրապէս ու դաշնակցական աւագ մեր սերունդները մասնաւորաբար՝ այդ խաւարչտին օրերուն :Այս չարաբաստիկ տարիներու շարքին կարելի է աւելցնել 2020-ը, որուն Նոյեմբեր 9-ով սկսած յետ-պատերազմեան մղձաւանջը կարծես վաղորդայն ու աւարտ չունի:
Անցնող տարին փակեցինք մէկ կողմէն բռնագաղթի ենթարկուած 120,000 մեր հայրենակիցներու ցարդ շարունակուող տառապանքով, միւս կողմէ՝ այս բոլորին ականատեսն եղող մոլորեալ զանգուածի մը ձեռնածալութեան, չարախնդութեան, նոյնիսկ՝ թշնամանքի երեւոյթով:
Այսօրինակ դաժան իրողութիւններու դէմ յանդիման ենք այս պահուս, ու նախքան որեւէ ամեակի նշումը, պարտաւոր ենք մեր հոգիներու խորագոյն պեղումով ու մեր մտքերու ամենաքննական լարումով՝ հաշուի նստիլ այս կացութեան հետ:
Արցախը չկայ այս պահուս: Արցախի Հանրապետութիւնը հայաթափուած է ու իրողապէս դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Իրականութեան մէջ, Արցախը ծախուած է, այնպէս ինչպէս հազարամեակ մը առաջ մայրաքաղաք Անին ծախուած էր: Արցախը չկայ այս պահուս, եւ թշնամին կը շարունակէ իր ռազմապաշտ ամբարտաւանութիւնը ու նոր պատերազմի եւ գրաւումներու ծրագիրներ կ’որոճայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Ակնյայտ այս փաստը մէկդի թողած, Հայաստանէն Սփիւռք, աչքառու հատուած մը հայութենէն, կը յամենայ մնալ թաւիշով փաթեթաւորուած թմբիրի մէջ, ու օրը նոր՝ կեղծիքը նոր, կը թութակէ այն կաղ խօսոյթը, որ կը խաղայ իրենց վախերուն, նուաստացման ու խուճապին վրայ – «Հիմա միայն Հայաստանով պէտք է զբաղինք՝ առանց Արցախի բեռին», «Այլեւս Արագածին նայիլ պէտք է՝ փոխան Արարատի», «29,800 քառակուսի քիլոմեթր պետութեան ու անոր քաղաքացիներու բարօրութիւնն է կարեւորը», եւայլն, եւայլն: Մինչ այդ՝ ազերի զինուորի կրունկը տակաւին մխրճուած կը մնայ Սիւնիքի, Վայոց ձորի,Գեղարքունիքի եւ այլ վայրերու հողին մէջ ու կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իսկ: Իսկ պաշտօնական Պաքուն, իր բռնապետի բերնով, բացէ ի բաց կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս եկողը չէ, ու անթաքոյց կերպով առաջ կը մղէ իր ախորժակները՝ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» տեսնելու եւ Երեւանը անուանափոխելու «Իրեւան»ի:
Այո, այսօրինակ իրադրութեան դէմ յանդիման ենք, ու մեր թաւալգլոր անկումը թափով կը մօտենայ անդունդի եզրին: Մէկ կողմէ՝ էնվերներու եւ Վեհիպ փաշաներու աւելի քան դար մը առաջ գծուած ծրագիրները քայլ առ քայլ իրականացնող թշնամի, միւս կողմէ՝ «խաղաղութեան դարաշրջան»ի կամ «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ցնորքներ սերմանող հայանուն վարչախումբ, որ մուրացիկի հոգեբանութեամբ կը նստի բանակցութեանց սեղան: Կարճ ըսուած՝ մէկ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան լինելիութիւնը խնդրայարոյց դարձուցած թրքական մոլուցքը, միւս կողմէ՝ այդ մոլուցքին հլու-հնազանդ կամակատարներ, հայրենածա՛խ դրածոներ, որոնք կանգ առնելու նպատակ չունին, մինչեւ իրենց տրուած պատուէրները լիուլի չկատարեն:
Կասկածէ վեր է, որ վաղը պատմութիւնը յստակօրէն պիտի արձանագրէ այն փաստը, որ 2018 Ապրիլի թաւշեայ յեղաղրջումը առաջին արարն էր այն օտարամուտ դաւադրութեան, որ քանի մը տարի ետք, պիտի յանգեցնէր Արցախի անկման: Թէ այդ օրերուն կային ժողովրդային ընդվզման առարկայական ու արդարացի պայմաններ՝ փա՛ստ է, սակայն այն ինչ որ ունինք այսօր՝ այդ ընդվզումը չարաշահող այս կամ այն գերպետութեան ու անոնց արբանեակներու հետախուզական եւ այլ սպասարկութիւններու մշակած նախագծերուն արդիւնքն է: Այն ինչ որ կը կոչեն քաղաքական տեխնոլոգիաներ, անկախութեան յաջորդող տասնամեակներու կտրուածքով՝ օրն ի բուն, հիւսած էին իրենց ոստայնը, մինչեւ եկաւ գունաւոր յեղափոխութեան մեր հերթը, ու ահաւասիկ գինը, զոր վճարեցինք: Բնականաբար, հայկական բաղադրիչը այս բոլորին մէջ զերծ չէր իր իսկ մեղքերէն, սակայն այս երեւոյթին մէջ խորանալը այս պահուս մեր սահմանափակ ժամանակէն դուրս է:
Այս հարցով ընդգծենք միայն, որ ճակատագրական այս փուլին, էականը՝ քիչ առաջ նշուած գահավէժ անկումը կանգնեցնե՛լն է, մեր տունը ներքնապէս կարգի՛ դնելն է, վերջին հինգ տարիներուն դիտումնաւոր կերպով սրուած ներազգային բեւեռացումի եւ պառակտման ճեղքերու վերացո՛ւմն է, մեր երկրէն ու մե՛ր իսկ մէջէն թրքական Տրովադայի ձին դուրս շպրտե՛լն է, ամէն տեսակի մակաբոյծներէ ու վարձկաններէ ձերբազատի՛լն է: Եթէ այս մէկը ոմանք պիտի մեկնաբանեն իբրեւ միասնականութեան դէմ կոչ, թող այդպէ՛ս ըլլայ: Արդէն ուշ են, արդէն կե՛ղծ է այդ բռնազբօսիկ «միասնականութիւն»ը ու կործանիչ: Կարելի չէ համատեղել ախտն ու մարմնի դիմադրողականութիւնը՝ ու միասնութիւն ձեւացնել: Այս բոլորին դիմաց, ազգային առողջ ուժերու միահամուռ եւ այս անգամ արտակա՛րգ լարումով՝ կրկին անգամ լծուիլ է պէտք մեր պետականութեան փրկութեան ու ազգային անվտանգութեան վերականգնման դժուարին բայց անյետաձգելի՛ գործընթացին:
Յստակ է ու անվիճելի՛, որ յետպատերազմեան այս ճգնաժամը արտակարգ է ու օրէ օր կ’ահագնանայ: Պարզ է նաեւ, որ զայն դիմակայելու համար ապարդիւն պիտի ըլլան ընթացիկ կամ սպառած բոլոր միջոցները: Համատարած հիասթափութեան, յուսահատութեան ու հոգեկան բեկումի երկարաձգուող այս մթնոլորտին մէջ, ինչպէ՞ս պէտք է մէջքը ուղղել, ճակատը բարձրացնել ու դիմել համազգային գերլարումի: Որո՞նք են այս արտակարգ ճգնաժամէն դուրս գալու նոյնքան արտակարգ ուղիները: Մէկ խօսքով՝ ի՞նչ է մեր ընելիքը, նամանաւանդ Դաշնակցութեան ընելիքը, փուլ առ փուլ հասնելու ներազգային թէ արտաքին վտանգներու վերջնական չէզոքացման եւ շրջելու դէպքերու աղէտաբեր ընթացքը:
Հաշուետուութեան կարգով, սկսինք նախ արագ յետադարձ ակնարկով մը որոշ ցուցանիշեր վերբերել՝ անցնող երեք տարիներուն, պատերազմէն ետք կտրած մեր ճանապարհէն: Ծանօթ է դիպաշարը շատերուս: Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութենէն քիչ անց, ազգային ուժերու համակարգումով ճամբայ ելաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը, իր անդրանիկ յայտարարութեան մէջ նշելով «սահմանդրական ճանապարհով օր առաջ ազատուիլ Հայաստանի աղետաբեր վարչակարգէն, ստեղծելով անցումային, հակաճգնաժամային կառավարութիւն, որ կը կանխէ Հայաստանի պետականութեան կորուստը»: Իր հանրահաւաքներով եւ բողոքի արարքներով՝ այս շարժումը ճամբայ հարթեց 2021 Ապրիլ 24-ի նախօրէին մեկնարկուած «Դիմադրութեան Շարժում»ին, որ բազմամարդ քայլերթներով ու իշխանաւորներու մահակը դարձած ոստիկանութեան հետ բախումներով փորձեց ստեղծել ժողովրդային ծանրակշիռ ալիք, հեռացնելու համար կորստական մէկ զիջումէն միւսը գացող վարչախումբը: Առանց թուարկելու ենթակայական եւ առարկայական պատճառները ու զերծ մնալով ինքնարդարացման որեւէ փորձէ, ցաւօք, երկու շարժումներն ալ չյաջողեցան «կասեցնել մայրամուտը», զոր մեր ընկեր Վահան Յովհաննէսեանը ուրուագծած էր իր վաղաժամ հանգումէն առաջ: 2021-ի Յունիսին կայացած արտահերթ ընտրութիւններով, տեսակաւոր լծակներ ու ձեռածութիւններ ի գործ դնելով, իշխող վարչախումբը ինքզինք վերարտադրեց, իսկ զոյգ շարժումներու գլխաւոր քաղաքական ուժերը մտան խորհրդարան, իբրեւ ընդդիմութիւն: Մինչ երկրի խորհրդարանին մէջ կ’ընթանային դիմադրական գաղափարակիրներու եւ պարտուողական մեծամասնութեան միջեւ թէժ բանավէճեր ու ընդհարումներ, 2022 Սեպտեմբերի կիսուն, թշնամին ռազմական նոր գործողութեամբ մը կը բռնկեցնէր Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանը, կը գրաւէր նոր տարածքներ եւ կը պատճառէր նո՛ր զոհեր ու քանդումներ: Քիչ անց, նոյն թուի Դեկտեմբերին կը սկսէր Արցախի շրջափակումը ու տասնամսեայ խաչի ճանապարհէ ետք, Արցախը կ’անցնէր թուրքին ու կը դառնար ուրուական տարածք:
Ինչպէս շեշտեցինք այս խօսքի սկզբնաւորութեան, թուրք-ազերիական հակահայ ու հակահայաստան մոլեգնութիւնը կանգ առնելու ո՛չ մէկ նշան ցոյց կու տայ: Ասոր զուգահեռ՝ Քաղացիական Պայմանագրի իրենց ձեռնասունները վերջերս սաստկացուցած են իրենց գրոհը, ոչ միայն ազգային մտածողութեան եւ խորհդանիշներուն դէմ, այլեւ այլասերելու ելած են հայ ազգի հոգեմտաւոր կերտուածքն ու պատմութեան վերիվայրումներուն մէջ թրծուած մեր աւանդը: Ժամանակի դէմ հեւքի մէջ ենք՝ առաջքը առնելու համար ծայրամաս հասած այս մայրամուտին: «Կրնա՞նք բան փոխել» արդարօրէն պիտի հարց տաք, երբ երեք տարի մեր նպատակաուղղուած պայքարը, բազում ճիգերն ու քրտինքը, ձերբակալութիւններն ու բանտերը չհասցուցին մեր երթը իր վախճանակէտին: Յաճախ զգացինք ու տակաւին կը զգանք, որ խուլ անջրպետ մը կայ մեր եւ հայրենի մեր ժողովուրդի գիտակից մասին միջեւ: Ահա ա՛յս կէտէն է, որ հարկ է վերահունաւորել պայքարի նոր հոսանքը:
133 տարիներու մեր յենարանը միշտ եղած է մեր ժողովուրդը ի՛նք: Այսօր ալ տարբեր չի կրնար ըլլալ: Մեզմէ ոմանք կրնան մատնանշել, որ հակառակ բազմիցս հնչեցուած ահազանգներուն, կոչերուն ու դիմումներուն, մեր ժողովուրդի ստուար մէկ մասը համակերպած կը թուի ըլլալ տիրող իրավիճակին եւ ընդունած իրեն մատուցուող պատրանքներն ու «ապագայ կա՛յ»ի խաբէութիւնը: Այո՛, դժուար կը հնչէ անցնող հնգամեակի մեր տեսածէն ու ապրածէն ետք՝ լսելի դառնալ մեր հայրենակիցներուն, սակայն այլընտրանք չկայ, պէ՛տք է հասնիլ մեր ժողովուրդին: Գործո՛վ, գլխագի՛ր ու ազգանուէր ծառայութեան Գործով՝ փակել է հարկաւոր անվստահութեան այն վիհը, որ կ’արգելակէ ներազգային ինքնառողջացման ու վերահզօրացման ամէն փորձ: Կարելի չէ զոհել մեր ժողովուրդին ծառայելու ուխտը՝ հազար ու մէկ խարդաւանքներով մեր իրականութեան մէջ յայտնուած սեւ ու սպիտակի բանսարկութեան:
Ասոր զուգընթաց, անհրաժեշտ է միանգամընդմիշտ մէկդի շպրտել մեր մէջ բոյն դրած բարոյալքման ու անզօրութեան զգացումը, անդամալուծո՛ւմը եթէ կ’ուզէք: Հոս ե՛ւս պատերազմի դաշտ է, հոս ե՛ւս թշնամին հետեւողականօրէն հոգեբանական յարձակման մէջ է մեր ժողովուրդին դէմ՝ վերջնականապէս կոտրելու անոր մարտունակութիւնն ու պայքարի ոգին: Այսպիսի տեսանելի թէ անտեսանելի նեխուժումներու դէմ դնողը առաջին գծի վրայ միշտ եղած ենք մենք, տարբեր պիտի չըլլայ այսօր: Երեւակայեցէք Հայկական Յեղափոխութեան առաջին իսկ հանգրուանին, եթէ համիտեան արիւնալի կոտորածներէն ետք, հայ յեղափոխական սերունդը վար դնէր զէնքերը ու քաշուէր իր պատեանին մէջ: Պատահեցաւ ճի՛շտ հակառակը: Այդ արհաւիրքին հետեւանքը եղաւ Պանք Օթոմանէն Խանասոր՝ առաւել թափ հաւաքած ազատագրական կռիւը: Այսօրը տարբեր չէ՛: Մենք պարտաւոր ենք մեր արմատներուն դիմելով՝ գերազանցել մենք զմեզ ու մակարդը դառնալ ազգային համընդհանուր ու կուռ դիմադրականութեան մը գոյաւորման: Երկա՛ր տեւեց սուգը, երկա՛ր տեւեցին ըկճուածութիւնն ու հոգեցնցումը, երկա՛ր տեւեց զոհի անտէր-անտիրական զգացողութեան ճնշումը:
Այս պատուարները յաղթահարելու ճիգին առընթեր, առանց րոպէ իսկ կորսնցնելու, կենսակա՛ն է, որ անցնինք անխուսափելի պատերազմի պատրաստութեան: Մենք դրօշակիրը պէտք է դառնանք պաշտպանական ժողովրդային համակարգ ստեղծելու աշխատանքին, որուն առանցքը պիտի մնայ հայոց բանակը: Մեր նիւթական ու մտային ներդրումներով, ամէն գնով նաեւ սատար պէտք է հանդիսանանք հայկական ռազմաարդիւնաբերութեան զարգացման՝ արհեստագիտութեան ամենավերջին սերունդի սարքերով օժտելու մեր բանակը: Ատրպէյճանի անընդմէջ զինումին ու Սիւնիքի կամ «Զանգեզուրի միջանցք»ի գծով բարձրաձայնած սպառնալիքներուն չենք կրնար լուրջ չվերաբերիլ: Չենք կրնար վերջին պատերազմէն առաջ մեր ցուցաբերած ինքնագոհութեամբ եւ դափնեպսակներուն վրայ քնանալով՝ դիմակայել թշնամիի գալիք ոտնձգութիւնները: Մեր կիզակէտին պիտի ըլլայ հայոց բանակի վերակառուցումը՝ ամենաարդիական ձեւաւորումով ու զինամթերքով: Մեր կիզակէտին պիտի ըլլայ հայ զինուորը, որուն հանդէպ մեր հոգատարութիւնը պիտի ըլլայ անսակարկ, որպէսզի ան պահապան արծիւի իր թեւերը կրկին անգամ լայն բանայ ու տարածէ զանոնք հայկական լեռնաշխարհին վրայ: Վերջապէս, մեր կիզակէտին պիտի ըլլայ մեր զինուժի կողքին պատրաստել ժողովրդային պաշտպանութեան կազմակերպ ցանց, որ ուս ուսի կը կանգնի հայ զինուորին կողքին ու կ’ապահովէ նաեւ անոր թիկունքը: Առանց խուճապի եւ աղաղակի, պատրաստուի՛լ մեզի պարտադրուելիք պատերազմին: Այս չհաշուարկուած ռիսկերու կամ արկածախնդրութեան բանաձեւ չէ՛: Այս՝ մեր գոյատեւման գրաւականն է: Մեր ապահովութեան իսկական երաշխիքները ո՛չ Պրիւքսէլի, ո՛չ Ուաշինկթընի, ո՛չ ալ Մոսկուայի մէջ են: Մեծապետական այս կեդրոնները կը դառնան իրական գործակիցներ այն պահուն, երբ գետնի վրայ մեր ձեռակերտը հանդիսացող ուժ ու աշխարհաքաղաքական գործօն ներկայանանք:
Լաւապէս կը գիտակցինք, որ թուարկուած քայլերու նկատառելի մէկ բաժինը կը կարօտի պետական միջոցներու եւ աղբիւրներու: Իրադարձութիւններու չնախատեսուած հոլովոյթին մէջ, մեր առաջադրանքներու գործադրութիւնը յաճախ հասած է մեր ուժերու ներածէն վեր տարողութեան: Հակառակ այս երեւոյթին, չենք դադրած տիւ եւ գիշեր գործելէ: Այս ճակատագրական անկիւնադարձին, յիշուած բոլոր առաջադրանքներն ալ տեղ կը հասնին, յստակ ու պարզ մէկ տարազով՝ մաքրել ու հականեխել մեր պետականութեան ղեկավարման ամբողջ համալիրը: Բառերը ծանր թող չթուին ոեւէ մէկուն:
Ներկայի մեր կացութեան ախտորոշման ու ըստ այդմ ալ բուժման բնութագրումը ըրած է ՀՅԴ հիմնադիրներէն Ռոստոմը ինք, 19-րդ դարու իսկ հեռաւորութենէն: Հայկական Յեղափոխութեան ընթացքին յայտնուած հայ վաշխառուներուն, կեղեքիչներուն, մատնիչներուն եւ դաւաճաններուն անդրադառնալով, ան կը գրէ. «Վնասակար են այդ սողունները այդպիսի րոպէներում, երբ փքուն խօսքեր փչելով ու փարիսեցիական ձեւեր բանեցնելով՝ շահագործում են ամբոխի դիւրահաւատութիւնը ու տգիտութիւնը։ (…) այդ զազրելի արարածները (…) «խոհեմութիւն», «հեռատեսութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «միութիւն» եւ այլ դիմակների տակ դարձեալ շարունակում են խաղալ ժողովրդի հետ՝ աշխատելով մի կերպ քողարկել իրենց իսկական գոյնը։ (…) Այդ արարածները աղբեր են, որոնք մեծ ու փոքր կոյտերով, տեսակ-տեսակ բուրմունքներով եւ գոյներով, թափուած յեղափոխական ճանապարհի վրայ՝ ապականում են յեղափոխական միջավարը։»
Այս պահու առումով, պարզապէս փոխարինեցէք «յեղափոխական» բառը «ազգային»ով, ու յստակ կը դառնայ ամէն ինչ: Անզուգական Ռոստոմը կ’եզրակացնէ իր միտքը, ըսելով. «Ամէն մի յեղափոխական գործիչ (…) ժամանակ առ ժամանակ, կամայ-ակամայ իւր վրայ պէտք է առնի այդ զզուելի աշխատանքը՝ իմանալով հանդերձ, որ իւր ցախաւլի հէնց առաջին հարուածից այդ կոյտերը միանգամից կը բացուեն եւ կը լցնեն օդը իրենց գարշահոտութիւններով»:
Գոյները խտացնելու համար չէ որ կատարեցինք այս մէջբերումը Ռոստոմէն: Ան ժամանակակից հնչեղութիւն կը ստանայ այս պահուս, երբ ազգային առողջ ջիղ ունեցող ամէն մէկ հայ կը գիտակցի, որ այս ու այլ բեմերէ յղուած բոլո՛ր պատգամներուն ու հանգուցալուծումներու առաջարկներուն դէմը կանգնած մեծագոյն խոչընդոտը՝ սուտ խաղաղութեան փերեզակներու վարչախումբն է: Մենք ո՛չ միայն գաղափարական պայքար ունինք այս ապազգային, նէօ-պոլշեւիզմի եւ նէօ-լիպերալիզմի խառնուրդ այլանդակութեան դէմ, այլեւ անոնց թրքամէտ ու թրքաբոյծ հաշիւներուն հետ անհաշտ գօտեմարտի մէջ ենք: Այս իմաստով, ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը իր յայտարարութեան մէջ օրին արձանագրած էր թէ. «Ապազգային քաղաքականութիւն վարող եւ երկրին ծանր կորուստներու բերած իշխանութիւններու հեռացումը առաջնահերթ օրակարգ է»: Այս առաջնահերթութիւնը այս վայրկեանիս տասնապատիկ անգամ հրատա՛պ դարձած է: Նոյն յայտարարութեան մէջ, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը, կը հաստատէր նաեւ որ «Արցախի (…) նոր կացութիւնը անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ պայքարի նոր մօտեցումներու եւ ռազմավարութեան որդեգրման»: Հոս եւս շեշտե՛նք, թէ յանուն Արցախի «պայքարի նոր մօտեցումներն ու ռազմավարութիւնը» հարիւրապատի՛կ անգամ հրատապ են: Այս ուղենիշներուն հետեւելով մեր ընելիքը ակներե՛ւ է – Դաշնակցութեան ողջ ներուժն ու կարողականութիւնը տասնապատիկ, հարիւրապատի՛կ թափով դնել ամբողջական զօրաշարժի մէջ ու դարձեա՛լ կանգնիլ պատնէշի վրայ, ի հարկին դուրս ցատկելով անկէ՝ նետուելու անհաւասա՛ր գուպարի:
133-ամեայ մեր պատմութիւնը այս անհաւասար մաքառումներու գումարն է: Շա՛տ են այս դիւցազներգական մաքառումներու հեղինակ դաշնակցական մարտիկներն ու գործիչները: Բայց այս միտքը կ’եզրափակեմ անոնց նմանատիպ ու քիչ երգուած մէկ այլ դիւցազունի՝ հրամանատար Գուրգէն Տէր Մովսիսեանի կենդանի օրինակով:
1918-ի մայիսեան ճակատամարտերու ամենաբուռն մէկ պահուն, զօրավար Թովմաս Նազարբեկեան, Ղարաքիլիսէի ճակատի գծով (զոր Ահարոնեան կոչած է «20-րդ դարու Աւարայր»ը), հրահանգ կ’արձակէ հայկական զօրքի մէկ մասը ցրուել, միւս մասը վերածել հայդուկային ջոկատներու, իսկ հրետանին տանիլ Սեւան ու թաղել Չիբուխլու գիւղի մօտ։
Դիլիջանի մէջ հրաւիրուած սպայական կազմի խորհրդակցութեան ժամանակ, ի լուր այս կարգադրութեան, արցախցի հրամանատար Գուրգէն Տէր Մովսիսեան ոտքի կը կանգնի ու կը յայտարարէ.
«Ես չե՛մ հնազանդի այդ որոշման։ Դա դաւաճանութի՛ւն է։ Ո՛չ ոք իրաւունք չունի այդպէս վարուելու Հայոց ճակատագրի հետ։ Ես իմ թնդանօթներով այս իսկ րոպէին կը մեկնեմ ճակատ՝ մեռնելու։ Ով տղամարդ է եւ հայի արիւն ունի իր երակներում՝ թո՛ղ իմ յետեւից գայ»։
Իրեն կը միանայ այդ օրերուն տեղակալ սպայ Գարեգին Նժդեհը, որ Արամէն հրահանգ ստացած էր գէթ երեք օր ամուր պահել Ղարաքիլիսէի ճակատը:
Կռուի ամենաահեղ մէկ պահուն, իր հրետանաւորներու դիրքին վրայ թրքական յարձակման՝ երիտասարդ հրամանատարը կը պատասխանէ հետեւակային հակագրոհով, կը փրկէ թշնամիի շարքերը հնձած իր թնդանօթները, սակայն ինք եւս հերոսաբար կ’իյնայ իր սխրանքին մէջ:
Արցախցի հրամանատարի հայրենանուիրման վկայութիւնն ու ուղերձը աւելի քան երբեք՝ այժմէակա՛ն է – Չյանձնուիլ անխուսափելի կարծուածին, ըմբոստանալ ու յեղաշրջել ճակատագրի ընթացքը:
Սիրելիներ, մենք ականջալուր ենք մեր պատմութեան ու մե՛ր իսկ կենսագրութեան դասերուն: Ականջալուր ենք նաեւ յանձնառու մեր ժողովուրդի եւ համակիրներու ձայնին: Լսած ենք վերջին շրջանին ձեզմէ եկած ակնկալութիւնները, առաջարկները, մտահոգութիւնները եւ քննադատութիւնները: Մեր կարգին, մեր շարքերով, մեր ժողովներու ընթացքին բուռն կերպով քննարկած ենք բազմապիսի մարտահրաւէրներ դիմակայող մեր գործելակերպը ու նժարի վրայ դրած մեր թիւրն ու ճիշդը, թերին ու արդիւնաւէտը: Ռուբէնի հաստատումով, այնպէս ինչպէս ՀՅԴ Ծրագրի դրոյթները կազմաւորուած են վարէն եկած ատաղձով, նոյն ատաղձով ալ գծագրուած է մեր որոշիչ ժողովներու ճանապարհային քարտէսը: Մեզի կը մնայ յաւելեալ ու լիարժէք կշիռ տալ 34-րդ մեր Ընդհանուր Ժողովի յայտարարած «պայքարի նոր մօտեցումներուն ու ռազմավարութեան», արտասովոր ու բազմաբնոյթ դրսեւորումներով կեանքի կոչելով ազատագրական պայքարի մեր տարերքը:
– Եթէ կ’ուզենք ամէն իմաստով հասնիլ տեղահանուած արցախահայութեան այսօրեայ կարիքներուն ու առաջնորդել անոր տունդարձի, ինքնորոշման ու ապահով կեանքի իրաւունքներուն համար պայքարը,
– Եթէ կ’ուզենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չդառնայ առանց Սիւնիքի՝ Արագածեան ինչ որ հանրապետութիւն կամ ընդհանրապէս չքանայ աշխարհի քարտէսներէն,
– Եթէ կ’ուզենք Անգարայէն ու Պաքուէն հնչած ապսպրանքներով՝ չփոխուի մեր երկրի Սահմանադրութիւնը, չջնջուի Անկախութեան Հռչակագիրը, չայլանդակուին հայոց պատմութեան դասագրքերն ու կասեցուի Հայաստանի թրքացումը,
– Եթէ կ’ուզենք տեսնել հայկական հզօր բանակ մը, որ տիրութիւն կ’ընէ մեր սահմաններուն ու երաշխաւորը կը դառնայ իսկական, արդար ու բարօր խաղաղութեան մը հաստատման,
– Եթէ կ’ուզենք կեանքի կոչուին ազգային գաղափարախօսութեան տարրերը եւ օտարամուտ դաւերով չխաթարուին մեր ազգային ինքնութիւնն ու նկարագիրը,
– Եթէ կ’ուզենք իսկապէ՛ս վերստեղծել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ նոր ուժականութիւն հաղորդել անոր,
– Եթէ կ’ուզենք հաւատարիմ մնալ մեր հին ու նոր նահատակներու ընդհատուած թռիչքին ու անոնց արեամբ բացուած ուղին հասցնել իր բարւոք լրումին,
– Վերջապէս, եթէ էովին կը հաւատանք Քրիստափորի այն պատգամին, թէ «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»,
Ապա ուրեմն, մեզի կը մնայ ոգի ի բռին, ձե՛ր աջակցութեամբ, պատռելո՛ւ ելլել այդ քարտէսները, որովհետեւ Արցախը թէեւ ինկած է այս պահուս, բայց մեզի համար իր կորուստը վերջնական չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ ու պիտի չմնա՛յ այդպէս: Ու որպէսզի խօսքը չդառնայ մեռեալ, բոլորո՛վ պարտինք լծուիլ նպատակասլաց, յանդուգն ու անտեղիտալի՛ Դաշնակցական Գործի: Ուրեմն ի Գո՛րծ, սիրելի ընկերներ եւ համակիրներ, ի Գո՛րծ՝ թէկուզ եւ երկարաշունչ ըլլայ մեր պայքարը, ի Գո՛րծ՝ յանուն ՄԷԿ ու ամբողջական հայրենիքի, յանուն ՄԷԿ ու ամբողջական հայութեան:
Comments are closed.