Արցախի կացութիւնը լուրջ է, գործնական քայլերու կարիքը ունինք
«Գանատան ԱՄՆ չէ, Ռուսաստան չէ, Պրիւքսէլ չէ, բայց իր դրական մօտեցումը կրնայ աւելի որոշիչ ձեւով բանեցնել իր գործընկերներուն վրայ, որոնք նոյնպէս աւելի յստակ քայլերու կը դիմեն», Alpha News-ի ուղիղ եթերով յայտարարած է Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեան, անդրադառնալով գանատահայ համայնքին ջանքերուն՝ ուղղուած Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին լուծման։
«Անցեալ շաբաթ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարը յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ։ Բայց նկատի առնելով Արցախի մէջ ներկայ վատթարացող իրավիճակը` մանաւանդ այն, ինչ կը վերաբերի մարդասիրական իրավիճակին, բաւական ճնշում բանեցուցինք տարբեր միջոցներով ու տարբեր մակարդակներու վրայ։ Ինչ-որ մօտեցումի տարբերութիւն մենք տեսանք, որ ուղղակիօրէն կոչ կ’ուղղէին Ատրպէյճանին, որ հետեւին միջազգային Արդարադատութեան դատարանի որոշումներուն, որ ողջունելի էր՝ բաղդատած նախկին յայտարարութիւններուն հետ, որոնք կը սահմանափակուէին, ըսելով որ Ատրպէյճանը պէտք է պարզապէս միջանցքը բանայ», նշած է ան։
Սեւակ Պելեան շեշտած է, որ այդ մէկը աւելի գործնական կոչ էր։ Պելեանի խօսքով՝ իրենք պարզ յայտարարութիւններով չեն գոհանար։ Գործնական քայլ կրնայ ըլլալ այն, որ Գանատայէն ալ ներկայացուցիչներ ըլլան Հայաստանի ԵՄ (Եւրոպական Միութիւն) դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող խումբին մէջ։
«Կացութիւնը շատ աւելի վատ ու լուրջ է։ Աւելի յստակ քայլերու կարիք ունինք։ Մենք պէտք է շարունակենք ճնշում բանեցնել, որ Գանատան, ի շահ այլ պետութիւններու, սկսի գործնական քայլերու դիմել գետնի վրայ։ Գանատան մէկ այլ յայտարարութիւն ըրաւ վերջերս։ Պաշտօնապէս մաս պիտի կազմեն ԵՄ առաքելութեան։ Այդ մէկը ողջունելի էր, նկատի ունենալով որ գործնական քայլ է, այսինքն՝ գետնի վրայ ինչ-որ ներկայութիւն պիտի ապահովէ գանատական կողմը, որ աւելի մօտէն հետեւին իրավիճակին ու իրենց մասնակցութեամբ ներդրում բերեն ապահովութեան եւ չբաւարարուին դիւանագիտական պարզ յայտարարութիւններով։
Գանատան այդ ուժային կեդրոնը չէ, օրինակ, ԱՄՆ չէ, Մոսկուա չէ, Պրուքսէլ չէ, բայց իր դրական մօտեցումը կրնայ աւելի որոշիչ ձեւով բանեցնել նաեւ իր գործընկերներուն վրայ, որոնք նոյնպէս աւելի յստակ քայլերու կը դիմեն», եզրափակած է Սեւակ Պելեան։
Comments are closed.