Արցախի թեմի խորհուրդը կը դատապարտէ թեմակալ առաջնորդի ընթացքը
- (0)

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն մը, դատապարտելով թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի վերջերս առած կարգ մը հականոնական քայլերը։
Խորհուրդը յայտնած է, թէ «չի կրնար կիսել եւ կը դատապարտէ անոր մօտեցումները, որովհետեւ անոնք չեն արտացոլեր Արցախի ժողովուրդի դիրքորոշումն ու սպասումները»։
«Արցախի թեմական խորհուրդը կը յայտնէ իր խոր անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը՝ վերջին օրերուն հանրային մեծ հնչեղութիւն ստացած Արցախի թեմակալ առաջնորդի գործելակերպին եւ դիրքորոշումներուն առիթով։ Խորհուրդը թեմակալ առաջնորդի քայլերուն մասին նախապէս տեղեկացուած չէ եղած, եւ ան չի համապատասխաներ մեր միացեալ դիրքորոշումին ու ներարցախեան քննարկումներու տրամաբանութեան։ Յայտնի է, թէ այս քայլը բազմաթիւ արցախցիներու մօտ յառաջացուցած է զայրոյթ, վրդովմունք եւ անվստահութիւն, որ մենք լիովին հասկանալի կը համարենք։
Այս կապակցութեամբ հանդիպած ենք Արցախի թեմի առաջնորդին եւ լսած անոր տեսակէտն ու մեկնաբանութիւնները։ Պէտք է յստակ արձանագրենք, թէ չենք կրնար կիսել եւ կը դատապարտենք այդ մօտեցումները, որովհետեւ անոնք չեն արտացոլեր Արցախի ժողովուրդի դիրքորոշումն ու սպասումները։
Թեմական խորհուրդը կը վերահաստատէ իր համոզումը, թէ բոլոր եկեղեցական հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս եկեղեցւոյ մէջ՝ համապատասխան կանոնակարգերուն, աւանդութեան եւ ազգային արժեհամակարգի սկզբունքներուն համաձայն։
Մենք կը մնանք հանձնառու ժողովուրդի շահերուն ներկայացման եւ եկեղեցական կարգի պահպանման, եւ կը կարեւորենք, որ ապագայ քայլերը եւ որոշումները կայացուին փոխադարձ յարգանքի, համաձայնեցման եւ ներհամայնքային միակամութեան հիման վրայ»,— նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան իր ստորագրութիւնը դրած էր Արշակ Սրբազանին դէմ հնչեցուած յայտարարութեան տակ, եւ ապա հանդիպած էր Նիկոլ Փաշինեանին, ինչ որ միանշանակօրէն մերժուած էր արցախցիներու կողմէ։