Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգ Է Շուշիի ՄԷջ «Գորշ Գայլեր»ու Հաւանական Գործունէութեամբ
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է Թրքական ազգայնական շարժում կուսակցութեան եւ անոր յարող ծայրայեղական նոր ֆաշիստական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն, մասնաւորաբար Շուշիի մէջ նախագիծեր իրականացնելու մտադրութեամբ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը յայտարարած է Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու մտադրութեան մասին: Կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի առաջին անգամ այդ մասին յայտարարեց 16 Յունուարին՝ դիտել տալով, որ եթէ Էրտողան արտօնէ, այդ ծրագիրը պիտի իրականանայ։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Պանթուրքիզմի եւ նէոֆաշիզմի գաղափարախօսութիւն քարոզող եւ ահաբեկչութիւնը որպէս նպատակների իրականացման հիմնական միջոց օգտագործող արտաքին ուժերի ցանկացած ձեւով ներկայութիւնը Արցախի օկուպացուած տարածքներում ծայրաստիճան մեծ վտանգ է ներկայացնում ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան, այլեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար։ Այն փաստը, որ այդ ուժերը օկուպացուած Շուշիում իրենց նախագծերի իրականացման համար ստացել են Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հաւանութիւնը, վկայում է Անկարայի եւ Բաքուի` տարածաշրջանում եւ հարեւան երկրներում լարուածութեան օջախներ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ, համապարփակ, արդար կարգաւորմանն ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերը խափանելու ծրագրերի մասին»:
Ըստ նախարարութեան՝ ծայրայեղ աջ նոր ֆաշիստական ուժերուն տեղափոխումը Արցախի բռնագրաւուած տարածքները, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ զինեալ յարձակումին ընթացքին միջազգային ահաբեկիչներու օգտագործումը ո՛չ միայն Արցախի ու Հարաւային Կովկասի, այլ նաեւ անոնց սահմաններէն դուրս գտնուող տարածաշրջաններու նկատմամբ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոյն շղթայի օղակներն են:
«Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի այս քաղաքականութիւնն արժանի է ամենախիստ դատապարտման եւ պահանջում է, որ միջազգային հանրութիւնը, շահագրգիռ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները համապատասխան անյապաղ քայլեր ձեռնարկեն` ուղղուած նման ապակառուցողական նախաձեռնութիւնների կանխմանն ու կասեցմանը», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։