Արցախը Ազրպէյճանի Յանձնելու Ծրագիրը Աւելի Բացայայտ Դարձաւ
Երեք կարեւոր հարցեր կապ ունին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ ազրպէյճանական զինուորական վերջին գործողութիւններուն դրդապատճառներուն հետ: Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչում, Արցախի կարգավիճակի խնդիր եւ այսպէս կոչուած` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի ապահովում:
Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն վրայ կատարուող յարձակումները «արդարացնող» ազրպէյճանական անհիմն պատճառաբանութիւնները մէկդի դնելով` պէտք է նշել, որ Պաքու հաշուի առած է հարաւկովկասեան ռազմաքաղաքական ներկայի ուժերու հաւասարակշռութիւնն ու հեռուէն թէ մօտէն առնչակից իւրաքանչիւր կողմի` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի, Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու շահերու եւ ակնկալութիւններու սակարանը, որուն մէջ արձանագրուած ելեւէջերուն լոյսին տակ ալ պահը յարմար նկատելով` պատերազմական գործողութիւններուն ընթացք տուաւ:
Պրիւքսելի մէջ կայացած` Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ վերջին հանդիպումէն ետք, երբ յայտարարուեցաւ, որ կարելի չէ եղած առանցքային խնդիրներու շուրջ նոյնիսկ նախնական համաձայնութիւն գոյացնել կամ տեսակէտները իրարու մօտեցնել, ռազմաքաղաքական հարցերու մասնագէտներ եւ փորձագէտներ մտավախութիւններ յայտնեցին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կրնան զինուորական գործողութիւններու դիմել իրենց նպատակները իրագործելու համար: Այդ նպատակներուն շարքին երկու առաջնահերթութիւններ գոյութիւն ունին: Արցախի հարցը փակուած համարել եւ Արցախը ճանչնալ իբրեւ Ազրպէյճանի անմասնատելի մասը, ինչպէս նաեւ` Մեղրիի վրայով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» ստանալ: Մինչ այդ խաղաղութեան համաձայնագրի վերաբերեալ ազրպէյճանական հինգ առաջարկներուն լրացուցիչ հայկական վեցերորդ առաջարկը կտրականապէս մերժելով` Պաքու արդէն իսկ հաստատած էր, որ ոչ մէկ պարագայի Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ պիտի քննարկէ Արցախի կարգավիճակի որոշման խնդիրը: Ազրպէյճանական այս անզիջողութեան դիմաց հայկական կողմն ալ ցոյց տուաւ հաստատակամութիւն, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հարցապնդման նիստին ընթացքին հաստատեց, որ Հայաստան ոչ մէկ պարագայի Ազրպէյճանի միջանցքային տրամաբանութեամբ ուղի պիտի տրամադրէ:
Այս կեցուածքներուն լոյսին տակ է, որ ազրպէյճանական զօրամիաւորումները նախայարձակ եղան եւ հայկական ինքնիշխան տարածքներ ռմբակոծելով եւ զինուորական գործողութիւններու սկսելով` ջանացին նախ միջազգային ընտանիքը համոզել, որ նախայարձակը հայկական կողմն է, եւ իրենք ստիպուած եղած են ինքնապաշտպանութեան դիմելու, ապա զինուորական գործողութիւններու ճնշումներով փորձեցին հայկական կողմէն զիջումներ կորզել:
Այս իրավիճակին մէջ նկատի պէտք է ունենալ Երեւանի իշխանութիւններուն պաշտօնական կեցուածքը, որ իր թարգմանութիւնը գտաւ Ազգային ժողովի որդեգրած յայտարարութեան նախագիծին մէջ: Բացառապէս իշխանական Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւորներուն քուէներով վաւերացուած նախագիծը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէր ճիշդ կերպով մատնացոյց ընելու նախայարձակ կողմը եւ դատապարտել Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն կ՛ակնկալէր կացութիւնը անյապաղ քննարկման առարկայ դարձնել եւ համապատասխան քայլերու դիմել: Յայտարարութեան նախագիծը նաեւ ձեռնածալ դէտի կեցուածքի մէջ գտնուող Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն կը պահանջէր կատարել Հայաստանի հողային ամբողջականութեան պահպանումը երաշխաւորող գործողութիւններ: Բնականաբար կը դիմուէր նաեւ Ռուսիոյ` արագօրէն գործադրելու փոխադարձ օգնութեան համաձայնագրով ամրագրուած պարտաւորութիւնները:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն առաջարկները մերժելով եւ զանոնք Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու կասեցման պահանջ համարելով` Երեւանի իշխանութիւնները յստակացուցին, որ նոյնիսկ հայկական ինքնիշխան տարածքներ ազրպէյճանական ռմբակոծումներուն եւ Հայաստանի պետութեան գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան կոպիտ ոտնահարման իրողութեան դիմաց բնաւ պատրաստ չեն եւ տրամադրութիւն չունին Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կասեցնելու` պատճառաբանելով, որ ընդդիմադիր ամէնէն մեծ խմբակցութեան առաջարկները ոչ մէկ առնչութիւն ունին ազրպէյճանական վերջին յարձակումներուն հետ: Հայաստան խմբակցութիւնը կը պահանջէր, որ յայտարարութեան մէջ նշուի, թէ ազրպէյճանական վերջին յարձակումները վերջնականապէս բացայայտեցին, որ Երեւանի իշխանութիւններուն յայտարարած «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի քաղաքականութիւնը սնանկ է: «Հայաստան» խմբակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէր, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը յայտարարութեան մէջ շեշտէ, որ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ միայն այն պարագային, երբ ազրպէյճանական զօրամիաւորումները հեռանան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն եւ պատերազմական հայ բոլոր գերիները հայրենադարձուին:
Երեւանի իշխանութիւնները խորհրդարանական ամէնէն մեծ ընդդիմադիր խմբակցութեան այս առաջարկները մերժեցին` համարելով, որ անոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին ազրպէյճանական վերջին յարձակումներուն եւ զինուորական գործողութիւններուն հետ: Ասիկա է խնդրին էութիւնը եւ ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքը, որ դամոկլեան սուրի մը նման կախուած է Հայաստանի, Արցախի, հայութեան եւ Հայ դատի վերեւ, որովհետեւ «խաղաղութեան դարաշրջան»¬ի մը մասին ակնարկութիւններու քողին տակ թաքնուած է ազգավնաս չափազանց վտանգաւոր քաղաքականութիւն մը, որուն զոհը Արցախը պիտի ըլլայ: Ազգային ժողովին մէջ կատարած Փաշինեանի յայտարարութիւնն ալ ասոր յստակ ապացոյցն է: Ան յայտարարեց, որ իր ուսերուն կը բեռցնէ ծանր որոշումներ տալու ամբողջ պատասխանատուութիւնը` յանուն խաղաղութեան, բայց ծանր որոշում չի նշանակեր Հայաստանի պետական շահերուն հակասող որոշումներ: «Մենք կ՛ուզենք ստորագրել թուղթ մը, որուն իբրեւ արդիւնք` բոլորը մեզի պիտի քննադատեն, պիտի հայհոյեն, դաւաճան համարեն, նոյնիսկ ժողովուրդը կրնայ մեզ իշխանութենէն հեռացնել: Սակայն դարձեալ շնորհակալ կ՛ըլլանք, եթէ այդ թուղթին իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29.800 քառակուսի քմ տարածքով մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կը ստանայ», աւելցուց ան: Այս յայտարարութեան էութիւնը շատ յստակ է: Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին:
«Ազդակ»