«Արցախէն դուրս գտնուող զինապարտ եւ զէնք բռնելու ունակ հայրենակիցներուն` գալ եւ միանալ սահմանին կանգնած զինուորներուն»:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յատուկ կոչով դիմած է «Արցախէն դուրս գտնուող զինապարտ եւ զէնք բռնելու ունակ հայրենակիցներուն` գալ եւ միանալ սահմանին կանգնած զինուորներուն»:
«Մեր Հայրենիքը այսօր առաւել, քան երբեք բոլորիս պաշտպանութեան կարիքն ունի: Ձեր օջախները, պապերու գերեզմանները, ձեր զաւակներու ապագան անպաշտպան ձգելու առաջին հերթին բարոյական իրաւունք չունիք: Եթէ ոեւէ մէկդ կը մտածէք, որ Արցախէն դուրս կրնաք ապահով ապրելու եւ արարելու համար արժանապատիւ կեանք գտնել ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն համար, չարաչար կը սխալիք:
Մենք պատմականօրէն բացառիկ հնարաւորութիւն ունեցած ենք ազատ եւ անկախ պետականութիւն ունենալու, որուն համար մէկ անգամ արդէն մեծ գին վճարած ենք: Սա մեր վերջին ճակատամարտն է, որ իրաւունք չունինք զիջելու, ուր դասալքութիւնը հաւասարազօր է դաւաճանութեան: Այստեղ տէրը մենք ենք եւ իրաւունք չունինք ոսոխին ներս ձգելու եւ թոյլ տալու, որ ան պղծէ մեր սրբութիւնները:
Շտապեցէք միանալ ձեր եղբայրներուն, որոնք անսասան կանգնած են իրենց հայրենի հողին վրայ, որոնք սահմանին կանգնելով, հաց թխելով, մեքենայ վարելով առաջնագիծն ու թիկունքը կը դարձնեն ամուր ու աւելի ուժեղ:
Ետ դարձէք, քանի դեռ ուշ չէ, քանի որ բոլորիդ արարքները պիտի գնահատեն ժողովուրդն ու պատմութիւնը: Անէծքի փոխարէն` ընտրէք օրհնութեան ճանապարհը:
Արցախը կը սպասէ բոլորիդ»: