Արցախեան պատերազմի նահատակ հերոսներու յիշատակին՝ հոգեհանգիստ եւ մոմավառութիւն Վանգուվըրի մէջ
948
0
Կիրակի 6 Նոյեմբեր 2022ին, Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ մոմավառութեան հաւաք՝ ի յիշատակ Արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն։ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգետեան արարողութիւն, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան Վանգուվըրի հայ կեդրոնի Լազարեան սրահ, ուր կազմակերպուած էր յարգանքի մատուցման հանդիսութիւն։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին, ՀՅԴ Վանգուվըրի երիտասարդական միութեան «Արշաւիր Շիրակեան մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» պատանեկան միութեան կողմէ։
Հաւաքի հանդիսավարն էր ընկերուհի Գառնի Քոշքէրեան։ Հայ համայնքին կողքին ներկայ էր Վանգուվըրի Richmond East- Steveston ընտրատարծքէն Գանատայի խորհրդարանի անդամ Փարմ Պէյնզ։ Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գարէգին Վրդ. Շխրտմեան եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկերուհի Թիթառ Քոշքէրեան։ Մոմավառութեան յայտագրի ընթացքին, նահատակ հերոսներու լուսանկարներուն դիմաց՝ ներկաները վերանորոգեցին հայութեան պահանջատիրութեան ուխտը։ Խօսք առաւ Փարմ Պէյնզ, որ դրուատեց Վանգուըրի Հայ Կեդրոնի եւ անոր շուրջ հաւաքուած համայնքի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց միշտ աջակցելու հայ համայնքին։ Ընկեր Նուպար Փամփալեան փոխանցեց Հայ կեդրոնի ուղերձը։ Յայտագրի աւարտին, Հոգեշնորհ հայր Գարեգին Շխրտմեան իր պատգամին մէջ ակնարկելով նահատակ զինուորներու անձնազոհութեան, մէջբերեց աւետարանի այն հատուածը, որ կ՚ըսէ «Ով որ իր անձը կը սիրէ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ կ՚անտեսէ իր անձը՝ այս աշխարհի վրայ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ՚ըլլայ»։
Նուպար Փամփալեան