ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿ 40 ԶԻՆԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՎՐԷԺ ՉԱԹԱԼԵԱՆԻ

Գանատայի Հայոց Թեմը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութեան անդամ ու բարերար Պրն. Նազար Չաթալեան 8,000 (ութը հազար) ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց իր հօր՝ հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանի յիշատակին, որ բաշխուեցաւ Արցախեան պատերազմին նահատակուած 40 զինծառայողներու ընտանիքներուն:

Նշենք, որ հանգուցեալ Վրէժ Չաթալեանը եւս բարերար էր եւ յայտնի լուսանկարիչ, որ Հ.Մ.Ը.Մ-ի ճամբով իր հայրենանուէր ծառայութեամբ արժանացաւ բազմաթիւ գնահատագրերու: Ան իր մահկանացուց կնքեց  Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021-ին, Ալմելոյի մէջ՝ Հոլանտա:

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց թեմիս բարերար Պրն. Չաթալեանի ջանքերը, նշելով, որ մեր նահատակ զինուորները իրենց կեանքերը  ընծայեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար, իսկ մենք պարտաւոր ենք օժանդակել անոնց որբացած ու անտէր ընտանիքներուն, որպէսզի հեղ մը ամոքենք անոնց վշտացած սրտերը եւ յոյսի նշոյլ մը պարգեւենք անոնց զաւակներուն:

Թող օրհնեալ ըլլայ յիշատակը մեր նահատակներուն ու զոհերուն, մխիթարութիւն՝ անոնց ընտանիքներուն, անսպառ կորով՝ մեր քաջարի բանակին եւ ապահով ու խաղաղ կեանք մեր ժողովուրդին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.