Արցախեան պատերազմին մասնակից գանատահայ բժիշկը պատմեց ռազմաճակատի իր փորձառութեան մասին

2020 թուականի Արցախեան պատերազմի առաջին շաբաթն իսկ Գանատահայ բժիշկ Ռաֆայէլ Վարդազարմեան որոշում կայացուց մարտնչող Արցախի կանչին անսալ եւ բժիշկի իր ծառայութիւնները ի սպաս դնել հայրենի սահմանները պաշտպանող հայոց բանակին։

Տոքթ. Վարդազարմեան մասնագիտութեամբ վերակենդանացման եւ շտապ օգնութեան բժիշկ է։ Պատերազմի ընթացքին մասնագէտ բժիշկի իր կարողութիւնները ի գործ դնելով, ամբողջ 24 ժամ վիրահատութիւններ կատարելով՝ փրկած է կեանքը հայ զինուորներու, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 18-25 տարեկանի միջեւ։

Մայիս 6-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով տոքթ. Վարդազամեան իր կեանքի ամենէն անկիւնադարձային փորձառութիւնը ներկայացուց հասարակութեան։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Քեպէգի Հայ բժիշկներու ընկերակցութեան կողմէ, որ 2004 թուականէն ի վեր Արցախի Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն համար բժշկական եւ առողջապահական ոլորտի 60 հազար տոլարի ներդրում կատարած է։

Տոքթ. Վարդազարմեան պատերազմի իր փորձառութիւններու դրուագները ներկայացուց պաստառի վրայ պատկերարձակուած բացատրութիւններով, լուսանկարներով եւ տեսանիւթերով։

Ահա մեր դիմացն է արցախցի Շարմաղ տատիկը, հրացանը ձեռքին, վճռական նայուածքով։ 44-օրեայ պատերազմին, արցախցի Շարմաղ Գրիգորեան տատիկի լուսանկարը յայտնուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ։ 85 տարեկան մեծ մայրիկը, տեսած է 4 պատերազմ, իսկ պատերաազմի ընթացքին իր զաւակներն ու թոռները բոլորը մեկնած էին ռազմաճակատ։ Այս տարեց հայուհին է որ ներշնչած է տոքթ. Ռաֆայէլին եւ ոգեւորած զինք որպէսզի կայացնէ հայրենիքին օգնութեան հասնելու որոշումը։

Տոքթ. Վարդազարմեան կը պատմէ նաեւ պատերազմի ընթացքին վերակենդանացման եւ վիրահատման սրահներուն մէջ տիրող իրավիճակներուն մասին։ Պաստառին վրայ ԱԹՍ-ներու հրթիռակոծութեան պատճառով վիրաւորուած եւ խոցուած զինուորներու լուսանկարներն են։ Կը պատմէ բազուկէն ծանրօրէն վիրաւորուած 19-ամեայ հայ զինուորին մասին, որ բուժման ենթարկուելէ ետք, նկատելով որ բազուկը ի վիճակի է զէնք վերցնելու, կը խնդրէ բժշկական անձնակազմէն, որ բանակի իր գումարտակի հրամանատարութեան տեղեկացնեն, թէ ինք պատրաստ է վերադառնալու ռազմաճակատ՝ կռիւը շարունակելու իր եղբայրներու կողքին եւ պաշտպանելու իր հայրենի հողը։

Տոքթ. Վարդազարմեան կը յիշէ նաեւ, թէ ինչպէս պատերազմի օրերուն, սրտի խոր գոհունակութեամբ կը հետեւէր Գանատայի իր հայրենակիցներու զօրակցական հաւաքներուն եւ յատկապէս գանատական քաղաքական գետնի վրայ տարուած աշխատանքներուն, որուն լաւագոյն օրինակը՝ Գանատայի ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի Արցախի անկախութեան ճանաչման գծով տարած աշխատանքը կը հանդիսանայ։ Սրահը ծափերով կ՚ողջունէ հանդսութեան ներկայ գանատացի ծերակուտականին։

Տոքթ. Վարդազարմեան, որպէս հայ եւ որպէս բժիշկ, զգացած է պատերազմի ցաւն ու մորմոքը, սակայն իր գերագոյն հպարտութիւնը այն է, որ ազգովին հայրենիքի պաշտպանութեան համար ոտքի կանգնած հայ ժողովուրդին ու հայ զինուորին կամքն ու հաւատքը անընկճելի ու անկոտրում մնացին։

Բժիշկ Վարդազարմեանի խօսքին աւարտին, երկար յոտընկայս ծափահարութիւն է, սրահը ոտքի է, իւրաքանչիւր հայ միայն ու միայն կրնայ խոնարհիլ երիտասարդ այս բժիշկի անձուրացութեան ու ինքնանուիրումի արարքին ի տես։

Հանդիսութեան ներկայ Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր ողջոյնի խոսքով գնահատեց Քեպէգի Հայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան հայրենանուէր աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց արիասիրտ սփիւռքահայ բժիշկին, որ պատերազմի ընթացքին կանգնած էր զինուոր եղբայրներուն կողքին։

Հանդիսութեան ընթացքին, հեգեբուժներ Ռիթա Գույումճեան եւ Պելինտա Կոստանեան կը ներկայացնեն Քեպէգի Հայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան հետ նախաձեռնած իրենց նոր ծրագիրը, որուն նպատակն է՝

Յետ-հոգեցնցման լարուածութեան խանգարումէ տառապող պատերազմի մասնակից զինուորներուն ընձեռել առիթը, որ անոնք հոգեբուժական ապաքինման գործընթացի հետեւելով բարելաւեն իրենց առողջութիւնը։ Ծրագիրը կը միտի պատերզմին մասնակցած եւ հոգեցնցումի ենթարկուած 300 հայ զինուորներու ընձեռել առիթը, որպէսզի հետեւին հոցենցումի ապաքինման post-traumatic growth մեթոտաբանութեան վրայ հիմնուած հոգեբուժական ապաքինման գործընթացի։ Տեղւոյն վրայ կը հանգանակուի «Առողջ զինուոր, հզօր բանակ, ապահով հայրենիք» նշանաբանով ծրագրին նպատակաուղղուած 50 հազար տոլարի պիւտճէն։

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.