Արտաքին պարտքի անխուսափելի պարտամուրհակը…
Կարօ Արմենեան
Որևէ բարօրութիւն ընկերատնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ իր համապատասխան գինը ունի։ Իսկ արուեստական (արհեստական) բարօրութիւնները շատ աւելի ծանր պատիժներով կը տուգանեն հասարակութեան ներկայ և մասնաւորապէս ապագայ սերունդները։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը դիզուած է նախորդ բոլոր իշխանութիւններու շարունակական փոխառոութիւններով և միշտ այն պատճառաբանութեամբ, որ պարտքը կենսական է երկրի կառուցման համար։ Մինչդեռ արտաքին պարտքով պէտք էր կառուցել երկրի արտադրողական կարողութիւնները միայն և այդ կարողութիւններու ստեղծած տնտեսական իրական աճո՛վ ֆինանսաւորել երկրի զարգացումը։ Հանրային պարտքը այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ փոխառութի՛ւն մը երկրի տնտեսական ապագայէն և իսկական պարտաւորութի՛ւն մը, որ դրուած է վաղուան — նոյնիսկ դեռ չծնա՛ծ — սերունդներու ուսին…Ամէն զեղխութիւն, որ իշխանութիւն մը թոյլ կու տայ ինքզինքին սնուցանելով իր քաղաքական ժամանակի հրամայականները, այդ քայլը կ՚առնէ իր զաւակներուն — մե՛ր զաւակներուն — հաշւոյն։ Մանաւա՛նդ երբ երկրի տնտեսութիւնը չէ կրցած կարելի դարձնել իրական տնտեսական աճի համապատասխան մակարդակ մը։
Այսօր, արդէն իսկ ծանուցուած է, որ ներկայ գործադիր իշխանութեան գործունէութեան կարճատև շրջանին տեղի ունեցած է 131 միլ. եւրոյի արտաքին պարտքի նոր կուտակում։ Միւս կողմէ Ազգային Ժողովի ղեկավարութիւնը կը խօսի երկրէն ներս աղքատութեան մակարդակը նուազեցնելու — բնականօրէն ծախսատար — օրէնսդրական միջոցառումներու մասին։ Այսինքն՝ ի վերջոյ դիմելով արտաքին պարտքի ֆինանսական աղբիւրներուն։
Գործ ունինք շատ դժուար և երկարաձիգ գործընթացի մը հետ և պիտի ընդունինք, որ դժուար է ըլլալու իշխանութեան ժամանակը այս խնդրով։ Պէտք է ամէն գնով խուսափիլ քաղաքական հեշտ չարաշահումներու փորձութենէն, բայց նաև ըլլալ մեծապէս բծախնդիր, երբ իշխանութիւնը՝ի՛նք կը դիմէ առատ պարգևավճարներու և կամայական ծախսումներու կեցոյթին։ Պէ՞տք է յիշեցնել, որ արտաքին պարտքը երկնառաք մանանայ չէ։ Որևէ պատասխանատու իշխանութիւն պէտք է դիմէ փոխառութեան այդ միջոցին մեծ բծախնդրութեամբ և «մեղքի զգացումով»։
Կը փութամ վերստին տեղադրել Յուլիս 5, 2019 թուակիր իմ յօդուածս, որ կը նախատեսէր ներկայ իրավիճակը շեշտելով իրական աճի նախապայմանը։
Ստորև վերոյիշեալ յօդուածս իր ամբողջութեանը մէջ՝
ԻՐԱԿԱՆ ԱՃԻ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ
Անկախ այն բանէն, թէ գաղափարախօսական ի՞նչ դիրքերէ կը փորձենք վարել ՀՀ տնտեսութիւնը այսօր, կարևոր է, որ մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը մշտապէս հիմնուի ոչ-գնաճային (non-inflationary) միջոցառումներու համակարգուած փաթեթի մը վրայ։ Առանձին նախաձեռնութիւններ այդ փաթեթին մէջ կրնան որոշ գնաճային ռիսքերու առաջնորդել և տակաւին ընդունելի ըլլալ (ազգային պաշտպանութեան, ընկերային և մշակութային շարժառիթներէ մղուած), որքան ատեն որ տնտեսական փաթեթը, իր ամբողջութեանը մէջ, ներքնապէս կը հաւասարակշռէ յիշեալ գնաճային ռիսքերը և կ՚երաշխաւորէ փաթեթին առողջ ելքը դէպի տնտեսական իրական աճ։ Այս նախապայմանին ենթակայ են իշխանութեան ձգտող բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր։ Ներառեալ՝ Դաշնակցութի՛ւնը որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն։
Այսօր, Հայաստանի քաղաքական բեմի բոլոր քաղաքական ուժերը պարտաւորուած են հանրութեան սեղանին վրայ դնելու տնտեսաքաղաքական այնպիսի մէկ կերպար (model), որ գոհացուցիչ երաշխիքներ կը հայթայթէ հետևեալ երեք նախապայմաններու իրագործման համար.
(ա) Փաթեթը — իր չափագրելի արդիւնքին մէջ — պիտի ըլլայ ոչ-գնաճային։
(բ) Փաթեթը — իր չափագրելի արդիւնքին մէջ — պիտի չաւելցնէ Հայաստանի արտաքին պարտքը։
(գ) Փաթեթը ծնունդ պիտի տայ տնտեսական իրական աճի։ Ասիկա նախապայմաններուն նախապայմանն է։ Հայաստանի տնտեսութեան ոսկեայ օրէ՛նքը։
Թէ ինչպէ՞ս քաղաքական ուժերէն ամէն մէկուն տնտեսական ծրագիրը կը հասնի վերոյիշեալ թիրախներու իրագործման և թէ ինչպէ՞ս իր ստեղծելիք տնտեսական աճը կը տանի տնտեսական համակարգի արմատական յեղաշրջման, արդիականացման, աղքատութեան նուազման, արտագաղթի կասեցման, վերաներդրումային ոլորտի աշխուժացման և ներառական տնտեսութեան այլ նպատակներու իրագործման, այդ անյայտներու (variables ) աւազանին մէջն է, որ երևան պիտի գան մեր գաղափարախօսական տարբերութիւններն ու ռազմավարական առաւելութիւնները։ Մենք այս ճակատներուն վրայ է, որ պիտի մրցինք իրարու հետ։ Ո՛չ՝ վերոյիշեալ երեք կէտերուն։ Պարզ խօսքով, մեզմէ անոնք, որոնք վերոյիշեալ երեք թիրախներու իրագործման նախապայմանները չեն կրնար գոհացնել իրենց տնտեսական քաղաքականութեամբ, պէտք է մերժուին հանրութեան կողմէ, քանի որ անոնք լուծում չունին այսօրուան մեր հարցերուն։
Տնտեսական իրական աճը կենսական է Հայաստանի տնտեսութեան համար և ան անսակարկելի է, քանի որ ան է միայն, որ կրնայ «ֆինանսաւորել» մեր պետական անկախութիւնը։ Գնաճային միջոցառումներով հասարակական բարօրութեան կարելի չէ հասնիլ։ «Բարօր բայց տկար» կամ «բարօր բայց պատանդ» կամ «տկար բայց ապահով» ցնդաբանութիւններու համար չէ Հայաստանը։ They belong to the lose-lose territory and must be rejected outright. Հայաստանը պէտք է հեռու պահէ ինքզինք այդպիսի քաղաքական փորձութիւններէ։ Ընդհակառակն բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք գործեն այն յստակ առաքելութեամբ, որ առողջ տնտեսական աճը մեր տնտեսութեան ազատութի՛ւնն իսկ է և մեր անկախ պետականութեան փրկութեան միակ վստահելի բանալին։ Եւ ան պէտք ունի պետականօրէն խթանուելու։ Հայոց պետութիւնը պիտի քաջաբար և վճռականօրէն տնօրինէ իր ազատութիւնը։
Ապաւինիլ միայն բնական օսմոզային հոլովոյթներու (trickle down economy) կարելիութեան վրայ (ինչպէս ներկայ իշխանութեան նոր-ազատական տնտեսութեան ջատագովները կը թուին ընել) և մեծահոգաբար յաւելումներ բաշխել հասարակութեան (հարկային համահարթեցում, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում, ևն.) խաբող քաղաքականութիւն է, որուն ծանր գինը ի վերջոյ աշխատաւորութիւնն է, որ պիտի վճարէ։ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ կեղծ տնտեսութեամբ գործելու այդ գաղափարը։ Այսօրուան հարցերը պիտի լուծուին այսօր և դժուար որոշումներո՛վ։ Անոնք պիտի չբարդուին ապագայ սերունդներու վզին։ Մեր երկրի լինելիութեան գործը մեր այսօրուան օրակարգն է։
Այս պատասխանատւութեամբ է, որ կը գործէ Դաշնակցութիւնը։ Այս պատասխանատւութիւնն է, որ ան պիտի շարունակէ պահանջել բոլորէն։ Թէ՛ Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութենէն, թէ՛ բոլոր միւս նոր-ազատական տնտեսութեան նորմերուն զինուորագրուած ուժերէն, թէ՛ սոցիալ-դեմոկրատիայի դեռ չկազմաւորուած շերտերէն և թէ՛ մանաւանդ ինքզինքէն՝ պատասխանատու և արդիապաշտ ընկերվարութեան դրօշակիրը հանդիսացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն։
Փետրոար 11, 2020
Ուաշինկթըն