Արմէն Ռուստամեան կը քննադատէ Եւրոպական խորհուրդի միակողմանի մօտեցումները

«Մենք չսահմանափակուեցանք այն նեղ օրակարգով, որ իրենք կը ներկայացնէին մեզի։ Ըսինք՝ ՀՀ-ի մէջ լուրջ հարցեր կան, որոնք ձեր օրակարգին մէջ տեղ չեն գտներ, եւ սա այն առիթն է, որ մենք խօսինք այդ նիւթերուն մասին։ Մենք ուզած էինք ընդդիմութեան հետ առանձին հանդիպում ունենալ, որովհետեւ կարճ հանդիպման ընթացքին հնարաւոր չէ ամէն բան քննարկել»,— այսօր Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Մայքլ Օ‘Ֆլահերթիի հետ հանդիպման։

Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ ԵԽ յանձնակատարին հետ կարելի չէ եղած առանձին հանդիպում ունենալ, այլ հանդիպումը տեղի ունեցած է պատուիրակութեան կազմով, եւ ինք ու պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանը շուրջ 15 վայրկեան կարողացած են զրուցել յանձնակատարին հետ։ Ան նշեց, որ ներկայացուցած են չորս հիմնական նիւթեր՝ քաղբանտարկեալներու հարցը, եկեղեցւոյ դէմ արշաւը, գերիներու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի մօտեցումներն ու իրենց մօտեցումները։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ ըսաւ, որ յանձնակատարը անդրադարձած է իրենց բարձրացուցած խնդիրներուն, քանի որ չէր կրնար չխօսիլ այդ մասին։

Ան յայտնեց նաեւ, որ ահազանգած են այն մասին, թէ ՀՀ-ի մէջ կալանքը դարձած է պատիժի միջոց․ «Ունինք դէպքեր, երբ աւելի ծանր յանցանքներու պարագային անձեր չեն կալանաւորուիր։»,- ըսաւ Ռուստամեան:

Անդրադառնալով ԵԽԽՎ-ի կողմէ ընդունուած «Վեհաժողովի վերահսկողութեան ընթացակարգի առաջընթացը» բանաձեւին՝ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ․ «Անոնք չեն գար Հայաստան, որպէսզի ծանօթանան իսկական փաստերուն, սակայն միակողմանի յայտարարութիւններ կ’ընեն»։

Արմէն Ռուստամեան վերջապէս ըսաւ, որ ԵԽ յանձնակատարին պիտի ներկայացնեն բոլոր քաղբանտարկեալներու վերաբերեալ փաստարկուած տեղեկատուութիւն։