Արմէն Ռուստամեան Եւ Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպած Են Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ
885
0
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 2 փետրուարին հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոյի հետ:
Հանդիպումին քննարկուած հիմնական նիւթը եղած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Բերձորի միջանցքի փակ ըլլալուն հետեւանքով յառաջացած խնդիրները: