Արծուիկ Մինասեան. «Իշխանութիւնը Եւ Անոր Սպասարկող Իրաւապահ Համակարգը Կը Հեղինակազրկեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Իբրեւ Իրաւական Պետութիւն»
Իշխանութիւնը սկսած է քաղաքական բանտարկեալներ կուտակելու արատաւոր գործընթացի մը. «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանն ու աւելցուց, որ Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարման առնչուող գործի շրջագիծին մէջ բոլոր ազատազրկումները` ձերբակալութեան, կալանաւորման, թէ դատապարտման ձեւով, յստակօրէն կը համապատասխանեն ԵԽԽՎ-ի` «քաղբանտարկեալ» հասկացողութեան չափանիշներուն:
«Ուստի իշխանութիւնը պէտք է սթափի, գիտակցի, որ արատաւոր այդ գործընթացը մեզ` իբրեւ երկիր, պիտի տանի ո՛չ միայն միջազգային հարթակին վրայ նսեմացումներու, այլեւ Հայաստանը պիտի դասուի բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներու շարքին», ըսաւ ան:
Գործը, Մինասեանի համոզումով, ի սկզբանէ դատապարտուած է. իշխանութիւնը եւ անոր սպասարկող իրաւապահ համակարգը ո՛չ միայն անպտուղ գործով զբաղած են, այլեւ կը հեղինակազրկեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ իրաւական պետութիւն:
Անդրադառնալով մեղադրանքներուն` Արծուիկ Մինասեան նաեւ իրաւական գնահատական տուաւ: «Կը տրուի փաստ, որ Գագիկ Յարութիւնեանը, որպէսզի դառնայ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի առաջին կազմի անդամ, դիմումը ներկայացուցած է 1 մարտին, եւ անիկա Ազգային ժողով հասած է 5 մարտին, բայց Արսէն Բաբայեանը, իբր թէ, Մալպըրի համակարգին միջոցով աւելի կանուխ ամսաթիւով մուտքագրած է, որպէսզի 2 մարտին արդէն կազմակերպէին Հրայր Թովմասեանի ընտրութիւնը: Անհեթեթ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ նախ` Գագիկ Յարութիւնեանը 28 փետրուար 2018-ին, Ազգային ժողովի որոշումով, արդէն ընտրուած էր Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ: Սահմանադրութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքի ուժով ինքնին ասիկա այն փաստն էր, որ Գագիկ Յարութիւնեանի` իբրեւ Սահմանադրական դատարանի նախագահի լիազօրութիւններու դադրեցման հիմք էր», պարզաբանեց ան: