Արժանաւորը գիտնա՛նք մեծարել

Ուրբաթ, 5 Օգոստոսին, հրաւիրուած էինք մեծարանքի երեկոյի մը, պատուելու համար Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ՀՕՄ-ի Ծաղկոցի տնօրէնուհի Սիլվա Քէօշկէրեանը, որ կ՚աւարտէր քսաներկու տարիներու տնօրէնութեան պաշտօնավարութեան իր շրջանը։

Բարենորոգուած «Ահարոնեան» սրահը, այդ երեկոյ, ստացած էր տարբեր տեսք եւ հմայք։ Զգալի էր, որ յատուկ ճիգ գործադրուած էր, որպէսզի պաշտօնականին առընթեր ստեղծուի մտերմիկ մթնոլորտ։

Ներկայ էին թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհնյ.Գոյունեան, եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան, Ծաղկոցի Վարչական խորհուրդի, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ։

Հրաւիրուած էին կրթական հաստատութիւններու ներկայ եւ անցեալի տնօրէնները, ինչպէս նաեւ՝ Ծաղկոցի դաստիարակները, ու մեծարելի ընտանեկան պարագաները։

Գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ Դալար Ադալլայի։ Տնօրէնուհիին կենսագրական գիծերը ներկայացուց Ալիք Պուլկարեանը, իսկ տիկ. Սիլվայի բարեմասնութիւնները ծանօթացուցին Ծաղկոցի վարչական խորհուրդի կազմի անդամները՝ յանձինս Արաքս Մալխասեանի, Շողիկ Սարգիսեանի, Նայիրի Եմէնիճեանի,Դալար Ադալլայի եւ Ալիք Պուլկարեանի։

Ցոյց տրուեցաւ նաեւ տնօրէնուհիին առօրեան ներկայացնող տեսերիզ մը։

Խօսք առաւ Սուրբ Յակոբ ՀՕՄ-ի ծաղկոցի տնօրէնի պաշտօնին նոր նշանակուած տիկ. Յասմիկ Մանուկ, որ իր եւ անձնակազմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանաւարտ տնօրէնուհիին։

Տիկ. Լիւսի Շահինեան, որ կը հանդիսանայ հոգաբարձութեան եւ վարչական խորհուրդի կապը, փոխանցելով Հոգաբարձութեան շնորհաւորական եւ գնահատանքի խօսքը, յիշատակի նուէր մը յանձնեց տիկ. Քէօշկէրեանին։

Խօսք տրուեցաւ մեծարեալին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիներուն՝ իրեն վստահուած Ծաղկոցի տնօրէնութեան պաշտօնին համար։

Տնօրէնութեան երկարամեայ ծառայութեան եւ անսակարկ նուիրումին համար՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, տիկ. Քէօշկէրեանը պատուեց «Անանիա Շիրակացի» ազգային մշակութային ծառայութեան շքանշանով։ «Գիր արժանեաց»-ը կարդաց Արժ. Տէր Հայրը։

Կարելի չէ այս թղթակցութիւնը փակել առանց գնահատանքի խօսք յայտնելու կազմակերպիչներուն, յատկապէս Ծաղկոցի վարչական խորհուրդի ժրաջան  երիտասարդ անդամներուն, որոնք կարողացան հաւաքական աշխատանքով պատշաճօրէն պատրաստել սրահը եւ ներկայացնել խնամուած յայտագիր մը։

Երեկոն եկաւ յուշելու, որ տնօրէնութեան կողքին գործող յանձնախումբեր, օժանդակող կամաւորներ, ըլլան անոնք ծնողք, հաստատութեան բարեկամներ կամ կրթական գործին հաւատացողներ, կրնան իրենց կարեւոր ներդրումը բերել ու նպաստել հաստատութեան  յառաջդիմութեան։

Երբ գիտենք այսպէ՛ս մեծարել մեր մշակները, մեծարած կ՚ըլլանք նաեւ մեր կրթութիւնն ու մշակոյթը։

Նազան Արթինեան

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.