«Արժանապատուութեան Երթ»` Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան, դաշնակցական երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ, Արամ Խաչատրեանի արձանին մօտէն սկսաւ «Արժանապատուութեան երթ»` Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով:

Նախքան երթին սկսիլը, ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Գոռ Սարգսեան` կոչ ուղղելով հասարակութեան միանալու Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ հասարակութեան, հասակակիցներուս, որ պայքարինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի համար: Այսօր իշխանութիւնը զանազան սուտեր կը տարածէ, անգամ մը եւս կը խաբէ, մենք յայտարարած ենք, որ մենք ետ կանգնող չենք, հասարակութիւնը չէ հաշտուած, մեր սերունդը ներդրում կ՛ունենայ մեր պետականութեան գործին մէջ, պիտի ունենանք հզօր Հայաստան, ազգային պետութիւն, այստեղէն, վաղուընէ, միւս օրուընէ, յաջորդ օրուընէ Նիկոլ Փաշինեանն ու  անոր խմբակը պիտի հեռացնենք իշխանութենէն», ըսաւ ան:

Վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր»` երթին մասնակիցները ուղղուեցան կառավարութեան շէնք:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երթի կազմակերպիչները ներկայացուցին յառաջիկայ օրերուն կատարուելիքները եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին` 3 դեկտեմբերին Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ իրականացնելու անհնազանդութեան գործողութիւններ` փակելով փողոցները:

Անոնք նաեւ իրազեկեցին 5 դեկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին մասին:

Երթի աւարտին Հանրապետութեան հրապարակով մէկ ծածանեցաւ Հայաստանի Եռագոյն հսկայ դրօշը: Դրօշը պահելու հրաւէր ուղղուեցաւ նաեւ ոստիկաններուն, որոնք սակայն մերժեցին եւ խոչընդոտեցին երթի միւս մասնակիցներուն մօտենալ ու ծածանել Եռագոյնը: Վայրկեաններ ետք, բանակցութիւններէ ետք, ոստիկանները ապահովեցին քաղաքացիներուն անվտանգ անցումը դէպի հրապարակի կեդրոն, ուր անոնք երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը:

Նշենք, որ «Թերթ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսած է, թէ ընդդիմութիւնը այսօր (3 դեկտեմբերին) պիտի յայտարարէ երկրի ղեկավարի թեկնածուի անունը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.