Արթուր Վանեցեանի «Հայրենիք» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն

Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած «Հայրենիք» կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի յառաջիկայ յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն։ Որոշումը ընդունուած է փետրուար 26-ին գումարուած կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին։

Կուսակցութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ նիստի ժամանակ բազմակողմանի կերպով քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական կացութիւնը, առկայ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ նախընտրական փուլի զարգացումները։

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, թէ իշխանափոխութիւնը կը նկատուի գերակայ առաջնահերթութիւն, սակայն ներկայ պայմաններուն մէջ ընդդիմադիր դաշտին բեւեռացումը եւ համախմբող պետական գաղափարախօսութեան բացակայութիւնը կը դժուարացնեն իրատեսական եւ սկզբունքային համագործակցութիւնը։ Կուսակցութիւնը նաեւ կը մատնանշէ, որ իր գաղափարական հիմքերն ու ռազմավարական պատկերացումները կը տարբերին քաղաքական այլ ուժերու մօտեցումներէն, որուն պատճառով դաշինքի կազմութիւնը կը դառնայ ոչ իրատեսական։

Միաժամանակ նշուած է, թէ ընդդիմադիր դաշտէն ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերու թիւի աճը կրնայ յառաջացնել ձայներու մասնատում եւ քաղաքական միջոցներու բաշխման անարդիւնաւէտութիւն, ինչ որ կրնայ բացասաբար անդրադառնալ ընտրական գործընթացին վրայ։

Ամփոփելով՝ կուսակցութեան գործադիր մարմինը որոշած է չմասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կոչ ուղղել անդամներուն ու համակիրներուն իրենց ձայնը տալ «իրական ընդդիմադիր ուժերէն» որեւէ մէկուն՝ ըստ սեփական նախընտրութեան։ Միաժամանակ կը յայտարարուի, որ «Հայրենիք»ը պիտի շարունակէ իր զարգացման ընթացքը կուսակցաշինութեան բոլոր ուղղութիւններով։

Կուսակցութիւնը նաեւ նշած է, որ սոյն որոշման վերաբերեալ յաւելեալ մեկնաբանութիւններու, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի անդրադառնայ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփումէն ետք։