Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՕՄը 25,000 Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 25,000 տոլար կը նուիրէ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան՝ ի պատասխան Լիբանանի տնտեսական տագնապին եւ քաղաքական անկայուն իրավիճակին, որ ահաւոր կերպով կ՛ազդէ Լիբանանահայութեան վրայ։
Տարուան սկիզբը, շարունակուող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը շարունակեց ազդել Լիբանանի հայ համայնքին վրայ. ՀՕՄը կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան՝ օգնելու իր հայրենակիցներուն, որոնք դժուարութեամբ կ՛ապահովէին իրենց ապրուստը: Լիբանանի ՀՕՄը նախաձեռնեց 3 ծրագիրներ՝ պնակ մը կերակուր, գոյատեւման պիտոյքներ եւ յոյսի արկղ: Այս ծրագիրներուն ճամբով կարելի պիտի ըլլար ապահովել ուտելիք, մթերային ապրանքներ, դեղորայք եւ այլ հիմնական կարիքներ:
Կոչին յաջորդող ամիսներուն, պսակաձեւ ժահրը շատ աւելի վատթարացուց Լիբանանի տնտեսական վիճակը։ ՀՕՄի արեւելեան շրջանի մասնաճիւղերը ստիպուած էին յետաձգելու իրենց դրամահաւաքի ձեռնարկները, հետեւելով այս ժահրին ստեղծած իրավիճակին: Սակայն, անոնք կրցան նուիրատութիւններ հաւաքել գաղութի անդամներէն՝ Լիբանանի հայրենակիցներուն օգնելու համար:
«Լիբանանը մեր Սփիւռքի սիւնն է եւ մենք հպարտ ենք, որ մեր մասնաճիւղերն ու նուիրատուները անգամ մը եւս ընդառաջեցին մեր կոչին: Մեր մասնաճիւղերու եւ գաղութներու անդամներուն առատաձեռնութիւնը յաւելեալ ուժ կու տայ, որպէսզի շարունակենք ՀՕՄի մարդասիրական առաքելութիւնը», ըսաւ ՀՕՄի արեւելեան շրջանի վարչութեան ատենապետուհի Անի Աթթար։
ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը պիտի շարունակէ հաւաքել նուիրատութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին օգնելու համար։ Կը խնդրուի նուիրատուներէն, որ շարունակեն աջակցիլ մարդասիրական այս աշխատանքին` առցանց նուիրատութիւն կատարելով: