Արա Այվազեան․ Հայաստանի խաչմերուկը․ պատրանքներ եւ պատասխանատուութիւն
- (0)

«Առաջարկ Հայաստանին» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի վերլուծութիւնը, ուր ան կը քննէ կառավարութեան կողմէ յառաջ մղուող «Խաղաղութեան խաչմերուկ» գաղափարը եւ անոր ռազմավարական ենթադրութիւնները։
Այվազեան կը նշէ, թէեւ փոքր պետութիւններուն համար բաց սահմաններն ու տնտեսական փոխկապակցուածութիւնը շահաւէտ են, սակայն քաղաքական նախաձեռնութիւնները պէտք է գնահատուին ոչ թէ հռչակուած մտադրութիւններով, այլ իրական պայմաններով։ Ըստ անոր՝ «խաչմերուկ»-ը կ՚ենթադրէ լիակատար վերահսկողութիւն, կանոններ սահմանելու կարողութիւն եւ անվտանգութեան ապահովման յստակ մեքանիզմներ, մինչդեռ ներկայ ուժային յարաբերակցութիւնը եւ անվտանգային վիճակը լուրջ սահմանափակումներ կը ստեղծեն Հայաստանի համար։
Նախկին նախարարը կը շեշտէ, որ 2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ին Արցախին հայադափումէն ետք տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը հիմնովին փոխուած է՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմավարական համագործակցութեան խորացմամբ։ Այս պայմաններուն մէջ, ըստ անոր, անհրաժեշտ է սթափ գնահատում եւ ճշգրիտ հաշուարկ։
Այվազեան նաեւ կը մատնանշէ, որ արտաքին քաղաքական ուղղութիւններու վերանայումը բնական գործընթաց մըն է, սակայն ան չի կրնար փոխարինել յստակ ձեւակերպուած ազգային ռազմավարութեան։ Կայուն խաղաղութիւնը, ըստ անոր, կը հիմնուի իրաւական ամրագրումներու, փոխադարձ պարտաւորութիւններու եւ ուժային հաւասարակշռութեան վրայ, այլ ոչ միայն փաստաթուղթերով։
Անդրադառնալով ներքին մարտահրաւէրներուն՝ ան կը շեշտէ պետական հաստատութիւններու ամրապնդման, պաշտպանական կարողութիւններու վերակառուցման եւ ազգային օրակարգի յստակ ձեւակերպման անհրաժեշտութիւնը։ Վերլուծութեան աւարտին Այվազեան դիտել կու տայ, որ Հայաստանը այսօր կը գտնուի որոշիչ խաչմերուկի մը առջեւ, ուր ընտրութիւնը պիտի ըլլայ ոչ միայն քաղաքական ուժերու, այլեւ պետութեան որակի եւ երկարաժամկէտ պատասխանատուութեան մասին։