«Արարատ–Էսքիճեան» Թանգարանը Սկսած Է Թուայնացնել Վահագն Տատրեանի Արխիւները
Վերջերս Լոս Անճելըսի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան-հետազօտական կեդրոնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտման կեդրոնը միասնաբար նախաձեռնեցին թուայնացնել փրոֆ. Վահագն Տատրեանի արխիւը:
Փրոֆ. Վահագն Տատրեան (1926-2019) եղած է Հայոց ցեղասպանութեան աշխարհահռչակ ուսումնասիրող, որ միաժամանակ ցեղասպանութեան հետազօտութիւնը բարձրացուցած է ակադեմական մակարդակի: Ան իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին շատ հարուստ արխիւային նիւթեր հաւաքած է: Անոր արխիւները կը ներառեն բազմահազար էջեր` ամերիկեան, բրիտանական, գերմանական, ֆրանսական, հայկական եւ օսմանեան արխիւներէն, ինչպէս նաեւ` ցարդ անտիպ նիւթեր եւ զանազան լեզուներով մամլոյ հրատարակութիւններ: Իր մահէն առաջ ան այս արխիւը փոխանցած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին, իսկ անոր գիրքերու մեծ հաւաքածոն այժմ կը գտնուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Էտուըրտ Տոհըն Կրտսերի անունը կրող գրադարանին մէջ:
2009 թուականին Տատրեանի արխիւը Պոսթընէն փոխադրելու երկարատեւ աշխատանքներէն ետք, «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը նախաձեռնեց զանոնք թուայնացնելու աշխատանքին` զանոնք մասնագէտներու հասանելի դարձնելու համար: Արխիւներու փոխադրութեան եւ նախնական թուայնացման աշխատանքները կազմակերպեց եւ իրականացուց թանգարանի տնօրէն Մակի Գոշին Մանկասարեան, իսկ հետազօտողներուն դիւրութիւն ընծայելու նպատակով թուայնացուած նիւթերը բանալի բառերով փնտռելու համակարգի աշխատանքին մասնակից դարձաւ Քլարք համալսարանէն դոկտ. Աննա Ալեքսանեան, իսկ ծրագիրը ղեկավարեց փրոֆ. Թաներ Աքչամ: Կը նախատեսուի աշխատանքը աւարտել դեկտեմբեր 2025-ին, որմէ ետք արխիւը կը տրամադրուի համացանցով:
Comments are closed.