Արամ Շուժունեան Գանատայի արտաքին գործոց գերատեսչութեան քաղաքական հարցերու համակարգող նշանակուեցաւ
766
0
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի գանատահայ Արամ Շուժունեանին նշանակեց Գանատայի արտաքին գործերու գերատեսչութեան քաղաքական հարցերու համակարգող։ Արամ Շուժունեան, արդէն երկու տարիէ ի վեր Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գրեասենեակի պաշտօնատարներէն էր։
Արամ Շուժունեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Մոնթրէալի համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին։ Եղած է համալսարանի հայ ուսանողական միութեան ատենապետ ինչպէս նաեւ անդամակցած է ՀՅԴ Արմէն Գարօ ուսանողական միութեան։ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի որպէս աշխատակից կատարած է հարցազրոյցներ Գանատայի պետական պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի կայքէջով հրապարակուած են քաղաքական վերլուծողական իր յօդուածները։
Comments are closed.