«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկամսուր
ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐ
«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկամսուր
«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկամսուրը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ բծախնդրութեամբ կը կատարէ Քէպէգի Ընտանիքի Նախարարութեան կողմէ սահմանուած բոլոր օրէնքներն ու կանոնները, ստեղծելով առողջ եւ ապահով միջավայր, իրագործելով ֆրանսերէն եւ հայերէն երկլեզու դաստիարակչական ծրագիր, ընտանեկան ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտ, խաղով, երգով, հաճելի եւ մանկավարժական օգտակար յայտագիրներով կը հետեւի երեխային ամբողջական զարգացման:
Բոլոր երեխաները, առանց բացառութեան, ամէն օր մեծ ուրախութեամբ կը ներկայանան մանկամսուր, քանի որ բոլորն ալ հանգիստ ու ապահով կը զգան մանկամսուրի տաքուկ եւ հաճելի յարկին տակ:
Քէպէգի Ընտանիքի նախարարութեան մօտ, «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուրը արտօնութիւն ունի ընդունելու 80 երեխայ՝ 0 էն մինչեւ 3 տարեկան: Սոյն արտօնագիրը կը նորոգուի Քէպէգի Ընտանիքի Նախարարութեան կողմէ՝ 5 տարին անգամ մը, քննիչի մը այցելութենէն ետք:
Նկատի ունենալով, որ ընթացիկ տարեշրջանը արտօնագրի նորոգութեան ժամկէտն է, Փետրուար 1, 2022-ին Քէպէգի Ընտանիքի Նախարարութեան կողմէ քննիչ մը այցելեց մանկամսուր, ամբողջ օր մը անցընելով հաստատութեան մէջ: Ան մէկ առ մէկ ստուգեց 248 կէտեր, որոնք անխտիր համապատասխանեցին նախարարութեան օրէնքներուն: Ի վերջոյ, ան յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքը, առանց որեւէ թերութիւն արձանագրելու, պարագայ մը՝ որ շատ հազուագիւտ է մանկամսուրներու մէջ: Ան մեծապէս գնահատեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուրի ապահով կառոյցն ու տարուած սքանչելի աշխատանքը, գնահատեց տնօրէնութեան եւ անձնակազմին տքնաջան եւ բծախնդիր աշխատանքը ու թելադրեց շարունակել նոյն թափով, յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:
Այս բոլոր յաջողութիւնները ձեռք բերուած է շնորհիւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ շատ սիրելի ծնողներուն որոնք վստահած են իրենց թանկագին զաւակները «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» հաստատութեան:
Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝
Մանկամսուրի Տնօրէնութիւն՝ (514) 331-7701
Կրթական Գործադիր Մարմինի Գրասենեակ՝(514) 332-1373 ext. 233